Հայ-թրքական սահմանի բացումը առայժմ չի քննարկուիր: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը:
Լրատու գործակալութեան զրուցակիցը միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցային հոլովոյթը կը շարունակուի:
«Այս պահուս խօսքը յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին է եւ ոչ թէ սահմանի որոշակի բացման: Այդ հարցը կախեալ պիտի ըլլայ գործընթացէն, տակաւին որոշակի ժամկէտներ չկան», ըսած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի աղբիւրը:


