Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռէալ Մատրիտ Վերջապէս Յաղթեց «Քլասիքօ»-ին

October 28, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Լա լիկա»-ի 10-րդ հանգրուանի կարեւորագոյն մրցումին, Ռէալ Մատրիտ 5 անգամ ձախողելէ ետք վերջապէս կրցաւ յաղթել Պարսելոնային` «Էլ-Քլասիքօ» մրցումին:

Մրցումը լարուած էր եւ հետաքրքրական: 12-րդ վայրկեանին Քիլիան Էմպափէ գեղեցիկ կոլ մը նշանակեց, բայց «ՎԱՐ» չվաւերացուց զայն, քանի որ ֆրանսացի յառաջապահը քանի մը սանթիմեթրով օֆսայտ էր… Ռէալ Մատրիտ շարունակեց իր յարձակումները եւ 10 վայրկեան ետք, Ճուտ Պելինկհամի փոխանցումէն ետք, այս անգամ Էմպափէի կոլը «մաքուր» էր:

38-րդ վայրկեանին Քաթալոնիոյ ակումբը կրցաւ հաւասարեցնել արդիւնքը, երբ Մարքուս Ռաշֆորտի փոխանցումէն ետք Ֆերմին Լոփես նշանակեց Պարսայի հաւասարութեան կոլը:

5 վայրկեան ետք, այս անգամ Էտեր Միլիթաոյի փոխանցումէն օգտուելով,  Պելինկհամ նշանակեց Ռէալ Մատրիտի 2-րդ կոլը:

Բ. կիսախաղին առիթները շարունակուեցան, մինչ 52-րդ վայրկեանին Պարսելոնայի բերդապահ Վոյցեխ Չեզնի ձախ ձեռքով զսպեց Էմպափէի ուժգին փենալթին:

Առիթները շարունակուեցան երկուստեք, բայց պէտք է նշել, որ Լամին Եամալ բաւական «լուռ» մրցում մը ունեցաւ եւ կարծէք բացակայ էր:

Կորսուած վայրկեաններուն Փետրի կարմիր քարտ ստացաւ (երկրորդ տեղին քարտը) եւ մրցումին արդիւնքը մնաց անփոփոխ:

Ռէալ Մատրիտ այժմ 5 կէտի առաւելութիւն ունի Պարսելոնայի վրայ եւ կը գրաւէ «լա լիկա»-ի առաջին դիրքը:

Նախորդը

«Ֆորմիւլա 1». Նորիս Շահեցաւ Մեքսիքայի Կրան Փրին Եւ Վերագրաւեց Առաջին Դիրքը

Յաջորդը

Ռոնալտօ… 950

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով

February 3, 2026
«Էն.Պի.Էյ.»  10 Մրցումներ Երէկ.  Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց
Մարզական

«Էն.Պի.Էյ.» 10 Մրցումներ Երէկ. Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց

February 3, 2026
Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ
Մարզական

Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.