Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Չելսի-Լիվըրփուլ. Վաղը` Եուվենթուս-Ա. Սէ. Միլան

October 4, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպայի մէջ կարեւորագոյն 5 ախոյեանութիւններուն բաւական տաք մրցումներ տեղի պիտի ունենան այսօր եւ վաղը:

Անգլիոյ մէջ Լիվըրփուլ պիտի մեկնի Լոնտոն, ուր պիտի մրցի ակումբներու մոնտիալի տիտղոսակիր Չելսիի դաշտին վրայ: Չելսի վերջերս լաւ արդիւնքներ ձեռք չէ ձգած, բայց ան միշտ ալ դժուար մրցակից եղած է Լիվըրփուլի դէմ:

Բ. դիրքը գրաւող Արսենալ պիտի հիւրընկալէ Ուեսթ Համը, որ իր նոր մարզիչ Նունոյի հետ դժուար մրցում մը պիտի ունենայ: Վերջին 2 այցելութիւններուն Ուեսթ Համ կրցած էր յաղթել Արսենալի դաշտին վրայ, բայց այսօր դժուար թէ կրկնուի նոյն բանը:

Իտալիոյ մէջ, վաղը գիշեր Եուվենթուս պիտի հիւրընկալէ Ա. Սէ. Միլանը. Եուվէ կը փորձէ 4-րդ դիրքէն աւելի վեր բարձրանալ` յաղթելով Միլանի, որ պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ: 1 կէտ կը բաժնէ Եուվէն եւ Միլան- Նափոլի- Ռոմա եռեակը, որոնք 12-ական կէտեր ունին եւ կոլերու տարբերութեամբ կը բաժնուին իրարմէ:

Անցեալ տարուան փոխախոյեան Ինթեր Միլան պիտի հիւրընկալէ 7-րդ դիրքը գրաւող Քրեմոնեզէն, որ 2 յաղթանակներէ ետք 3 յաջորդական հաւասարութիւններ արձանագրեց եւ անյաղթ կը մնայ:

Գերմանիոյ մէջ, պարագլուխի դիրքը գրաւող Պայերն Միւնիխ մօտ 400 քմ դէպի արեւմուտք պիտի մեկնի` մրցելու Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի դաշտին վրայ: 2023-ին, Պայերն Միւնիխ 5-1 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Այնթրախթէն, որ այս եղանակին մեծ թիւով կոլեր կը նշանակէ եւ կը ստանայ: 8 մրցումներու ընթացքին Ֆրանքֆորթի ակումբը 28 կոլ նշանակած է` ստանալով 19 կոլ: Պայերն այս եղանակին իր բոլոր մրցումներն ալ յաղթած է եւ 9 մրցումներու ընթացքին 35 կոլ նշանակած` ստանալով 8 կոլ:

«Տաք մրցում» կրնայ ըլլալ նաեւ Տորթմունտ-Լայփցիկ մրցումը, որ 2-րդ դիրքի համար պայքար մըն է: Տորթմունտ 13 կէտ ունի, իսկ Լայփցիկ 1 կոլ նուազ: Միշտ ալ կոլերու թիւի չնչին տարբերութեամբ յաղթած է այս զոյգը իրարու դէմ ճակատումներուն:

Սպանիոյ մէջ, Ռէալ Մատրիտ պիտի փորձէ անցեալ շաբաթավերջի Տերպիի ծանր պարտութիւնը (2-5) մոռացութեան մատնել` յաղթելով վերջերս շատ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգող Վիարէալին:

Վիյարէալ 2 կէտով ետ կը մնայ Ռէալէն (18 կէտ) եւ միայն 5 կոլեր ստացած է` գրաւելով 3-րդ դիրքը:

Պարսելոնա, որ պարագլուխի դիրքը խլած էր Ռէալէն, պիտի մեկնի Սեւիլիայի դաշտը` մրցելու տեղւոյն խումբին դէմ:

Ստորեւ` 5 կարեւորագոյն եւրոպական ախոյեանութիւններուն յայտագիրը.

ԱՆԳԼԻԱ

7-րդ հանգրուան

ԱՅՍՕՐ
Լիծ Եունայթըտ-Թոթենհամ
Արսենալ-Ուեսթ Համ
Մանչեսթըր Եունայթըտ-Սանտըրլենտ
Չելսի-Լիվըրփուլ

ՎԱՂԸ`
Ասթոն Վիլա-Պըրնլի
Էվըրթըն-Քրիսթըլ Փելես
Նիւ Քեսըլ-Նոթինկհամ Ֆորեսթ
Վուլվզ-Պրայթըն
Պրենթֆորտ-Մանչեսթըր Սիթի

ՖՐԱՆՍԱ

7-րդ հանգրուան

ԱՅՍՕՐ
Մեձ-Մարսէյ
Պրեսթ-Նանթ
Օքսեռ-Լանս

ՎԱՂԸ
Լիոն-Թուլուզ
Մոնաքօ-Նիս
Լը Հաւր-Ռենն
Սթրազպուրկ-Անժէ
Լիլ-Փարիզ Սեն Ժերմեն

ԳԵՐՄԱՆԻԱ

6-րդ հանգրուան

ԱՅՍՕՐ
Պայեր Լեւերքուզըն-Ունիոն Պերլին
Տորթմունտ-Ռետ Պուլ Լայփցիկ
Վերտըր Պրեմըն-Զանքթ Փաուլի
Աուկզպուրկ-Վոլֆսպուրկ
Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ-Պայերն Միւնիխ

ՎԱՂԸ
Շթութկարթ-Հայտընհայմ
Համպուրկ Ս. Վ.-Մայնց
Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ-Ֆրայպուրկ

ԻՏԱԼԻԱ

6-րդ հանգրուան

ԱՅՍՕՐ
Լացիօ Ռոմա-Թորինօ
Փարմա-Լեչէ
Ինթեր Միլան-Քրեմոնեզէ
Աթալանթա-Քոմօ

ՎԱՂԸ
Ուտինեզէ-Քալիարի
Պոլոնիա-Փիզա
Ֆիորենթինա-Ա.Էս.Ռոմա
Նափոլի-Ճենովա
Եուվենթուս-Ա.Սէ.Միլան

ՍՊԱՆԻԱ

8-րդ հանգրուան

ԱՅՍՕՐ
Ռէալ Օվիետօ-Լեվանթէ
Ժերոնա-Վալենսիա
Աթլեթիք Պիլպաօ-Մայորքա
Ռէալ Մատրիտ-Վիարէալ

ՎԱՂԸ
Ալավես-Էլչէ
Սեւիլիա-Պարսելոնա
Էսփանիոլ-Պեթիս
Ռէալ Սոսիետատ-Ռայօ Վայեքանօ
Սելթա Վիկօ-Աթլեթիքօ Մատրիտ

 

Նախորդը

«Եու.Է.Էֆ.Ա.» Յետաձգեց Իսրայէլի Դէմ Քուէարկութիւնը

Յաջորդը

«Քոնֆերենս Լիկ». Նոա Յաղթեց Խրուաթիոյ Ախոյեանին

RelatedPosts

Փարաբազկամարտ.  Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց
Մարզական

Փարաբազկամարտ. Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց

November 10, 2026
Ճատրակ.  Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ճատրակ. Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

November 10, 2026
Վան Տայք Շատ Հաւանաբար  Միանայ Պարսելոնային
Մարզական

Վան Տայք Շատ Հաւանաբար Միանայ Պարսելոնային

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.