Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ Լերան

September 19, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մուսա լերան հերոսամարտի յոբելենական նշումը այսօր քաղաքական ուղերձներ կրնայ ներառել: Անձնատուութեան դէմ գոյապայքար մղելու, հայութեան բոլոր հատուածներն ու Մուսա լերան տարածքին գործող հայկական ուժերը համախմբելու կարեւորագոյն օրինակ է այս հաւաքական ծառացումը: Առընթեր, կազմակերպական տաղանդը, ժողովուրդի զինման, դիրքերու ճշդումի, գումարտակներու տեղաբաշխման եւ նման ռազմագիտական նշանակութիւն ունեցող որոշումներ, որոնք անձնուիրութեան կողքին կանոնաւոր բանակներու դէմ մարտնչելու պատմական գեղեցկագոյն օրինակ տրամադրած են մեր ժողովուրդին:

Բնօրրանին կառչած մնալու այս ազգային բնազդը դրսեւորուած է հայկական տարբեր միջավայրերու մէջ: Եւ ըստ էութեան այս արմատական կառչածութիւնն է, որ հողին վրայ թէ անկէ հեռու մուսալեռցիին կամ նման հերոսամարտեր մղած մեր ժողովուրդի հատուածներուն համար վերածուած է գոյութեան իմաստի: Կառչածութիւնը` աւանդութիւններուն, բարբառին, հողին, ազգագրութեան: Հերոսամարտերու պատմութիւն է մեր պատմութիւնը ուրեմն, որուն վերաշարադրանքի փորձեր տեղի կ՛ունենան այսօր: Կեղծ բանավէճեր կը ստեղծուին գիտութիւնն ու հայրենասիրութիւնը տարանջատելու, ռազմահայրենասիրութիւնը առաւելապաշտութիւն նկատելու ու տակաւին եկեղեցւոյ պատմութիւնը իբրեւ առանձին դասանիւթ դուրս բերելու ընդհանուր դասանիւթերու ցանկէն:

Մուսա լեռը թէ՛ ազատագրում է, թէ՛ գոյապաքար, թէ՛ աւանդութիւններու շարունակութիւն է, լեզուով, բարբառով, պարով, զանազան տօնախմբութիւններով ու պարարուեստով, երգով ու երաժշտութեամբ. այլ խօսքով` բնօրրանին կառչած մնալու հաւատքով:

Մուսա լեռէն Վաքըֆի մէջ է միայն, ուր մնացած է հերոսական ժողովուրդին մնացորդացը, որ կը պահէ իր եկեղեցին, բարբառն ու աւանդութիւնները: Կը դիմանայ, երբեմն լուռ, առիթներով միայն ներկայութիւն փաստելով, եկեղեցին ու ինքնութիւնը համատեղելով իր գոյութիւնը շարունակելով: Ասիկա ամէնէն հզօր փաստն է եկեղեցին եւ համայնքի պատասխանատուները միատեղ աշխատելաձեւով, գոյութեան անվտանգութիւնը կառուցելու: Փաստօրէն հետզհետէ աւելի հնչեղութիւն կը գտնեն տարուէ տարի, Մուսա լերան հերոսամարտի եւ Խաչվերացի տօնին համատեղման տօնակատարութիւնները այս մնացորդացին մօտ: Պոլսոյ հայ համայնքը իր հոգեւոր թէ աշխարհական ներկայացուցիչներով մասնակից է այդ բոլորին:

Ու հիմա մտածել հերոսամարտին եւ Խաչվերաց տօնին խորհուրդներու համատեղման ազգային փիլիսոփայութեան մասին: Խաչի վերականգնումը, չարչարեալ մահուան գաղափարէն յարութեան խորհուրդի սլացումը եւ ամբողջ ժողովուրդի մը հերոսական Գողգոթայէն ետք հայկական տարբեր գիւղերու կառուցումը` Հայաստանի Մուսա լեռէն հասնելով Լիբանանի Այնճար, անցնելով Վաքըֆէն:

Եռանկիւն այս խորհուրդը այսօր ամէնէն սուր հնչեղութեամբ ահազանգ կը հնչեցնէ հայութեան եւ հայրենիքի հասկացողութեան մէջ ցանկապատներ չկառուցելու, եկեղեցին եւ ազգը չտարանջատելու, անոնց միաւորման մէջ տեսնելու մեր գոյութեան շարունակականութիւնն ու զարգացումը եւ մանաւանդ չընկրկելու: Մարտնչելու, չյանձնուելու, թշնամիին նախապայմաններուն չընդառաջելու:

Մուսալեռցին իր լեռն ու Արարատը չի հակադրեր իրար: Իր բնօրրանին առընթեր ի՛րը կը նկատէ հայկական այլ բնօրրաններ եւս, կը հաւատայ միացեալ հայրենիքին, իր հերոսամարտի խորհրդանիշերէն չի հրաժարիր եւ միայն խաղաղութիւն մուրալու համար իր իրաւունքներէն չի զիջիր:

Ան գիտակից է, որ խաղաղութիւնը ուժի պարտադրանքով է. իսկ այդ ուժը նաեւ գաղափարական է: Ազգային արժեքադրոյթի մը ամէն գնով կառչած մնալն է եւ իր պատմութեան վերաշարադրումը չհանդուրժելն է:

Այս արժէքներով է, որ կը ծաղկին այսօր թէ՛ հայրենի Մուսա լեռը, թէ՛ Վաքըֆը եւ թէ՛ Այնճարը: Լիբանանահայութիւնը այդ արժէքներու ծանօթացման, իրազեկման եւ մանաւանդ իւրացման առիթ ունի` մասնակցելով 110-ամեակի տօնախմբութիւններուն եւ այդ առիթով կազմակերպուած բազմաբնոյթ ձեռնարկներուն:

Մուսա լեռը այսօր կարեւորագոյն խորհուրդ կը փոխանցէ: Լեռ, որ ամուր կանգնած է եւ զօրակից պիպլիական Արարատին եւ չ՛արտօներ, որ որեւէ ստուեր գայ անոր գագաթին:

 

Նախորդը

Հարաւային Լիբանանի Շարք Մը Գիւղերուն Վրայ Իսրայէլեան Օդային Իրերայաջորդ Յարձակումներ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (19 Սեպտեմբեր 2025)

RelatedPosts

Շարունակելու Ենք Հայ Դատի Մեր Ծաւալուն Գործունէութիւնը, Մինչեւ Մեր Ազգային Նպատակներու Լիակատար Իրագործումը
Գլխաւոր լուրեր

Շարունակելու Ենք Հայ Դատի Մեր Ծաւալուն Գործունէութիւնը, Մինչեւ Մեր Ազգային Նպատակներու Լիակատար Իրագործումը

September 25, 2026
Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 25, 2026
Ակնարկ.  Նախապայմաններ Եւ Փոխկապակցումներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Նախապայմաններ Եւ Փոխկապակցումներ

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.