Թուրքիան Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրում կ՛ակնկալէ յաջորդ տարուան առաջին կիսուն: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան` Հռոմի Միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովի ընթացքին, ուր քննարկուած են միջազգային արդիական իրադարձութիւնները:
Ֆիտան շնորհակալութիւն յայտնած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին` Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախաստորագրման համար:
Ֆիտանի համաձայն, Թուրքիան կ՛ակնկալէ, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վերջնական խաղաղութիւնը ստորագրուի յաջորդ տարուան առաջին կիսուն:
«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համաձայնագիրը հազիւ վերջնականապէս կնքուի, մենք արագօրէն կը կարգաւորենք Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները», ընդգծած է Ֆիտան:


