Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յանձնարարեց անհրաժեշտ նիւթերը ապահովել եւ պահեստաւորել, «որովհետեւ գոյութիւն ունին հաւանական վտանգներ, զորս կարելի չէ կանխատեսել»:
Խամենէի իրանեան կառավարութեան ժողովի ընթացքին յայտնեց. «Տարբեր հաստատութիւններու միջեւ ներդաշնակութեան միջոցով համախոհութեան ձեւաւորման զգալի ներուժ կայ»:
«Կը յանձնարարենք ապահովել անհրաժեշտ նիւթերը եւ զանոնք պահեստաւորել, որովհետեւ գոյութիւն ունին հաւանական վտանգներ, զորս կարելի չէ կանխատեսել», նշեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը:


