Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թենիս. Սամուէլ Տաքեսեան` Աշխարհի Ախոյեան

September 9, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս տեղի ունեցաւ թենիսի խմբային պատանիներու աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին ֆրանսացի հայ թենիսմեն Սամուէլ Տաքեսեան, որ մաս կը կազմէր Ֆրանսայի պատանիներու (14 տարեկանէն վար) ազգային խումբին, դարձաւ աշխարհի ախոյեան:

Խմբակիցներ Մարիօ Վուքովիչի եւ Էվան Կիրեսքուի հետ միասնաբար Սամուէլ Տաքեսեան փայլեցաւ, մանաւանդ կարեւոր կիսաւարտականին յաղթելով թեկնածու Գերմանիոյ, ի վերջոյ աւարտականին յաղթելով Միացեալ Նահանգներու ազգային խումբին:

2005-էն ի վեր առաջին անգամ էր, որ Ֆրանսա կը յաղթէր այս ախոյեանութեան:

Սամուէլ Տաքեսեան, որ 13-14 տարեկաններու ֆրանսացի ախոյեանն է, ցուցաբերեց անզիջում ամուր անհատականութիւն եւ որակաւոր խաղաձեւ: Անոր ելոյթները վստահաբար պիտի ներշնչեն հայ երիտասարդութիւնը` դառնալով միջազգային օրինակ բոլոր երազ ունեցող պատանիներուն եւ երիտասարդներուն:

Որպէսզի շարունակէ իր այս ընթացքը, Սամուէլ Տաքեսեան պէտք ունի նիւթական աջակցութեան, եւ մասնաւոր արշաւ մը կազմակերպուած է «Support Samuel Dakessian» անունով, ուր բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն Սամուէլը միջազգային բարձր դիրքերու վրայ տեսնել, կրնան իրենց աջակցութիւնը յայտնել օգնելով Սամուէլին, որ հասնի բարձր դիրքերու:

 

Նախորդը

«Եու. Էս. Օփըն»-ի Աւարտականին. Ալքարաս Յաղթեց Եւ Թիւ 1 Թենիսմեն Դարձաւ

Յաջորդը

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Այսօր` Հայաստան – Այիր. Գերմանիա, Սպանիա Եւ Նետերլանտներ Յաղթեցին

RelatedPosts

Ուասլ 2026.  Սաժես Յաղթեց Կորկանին` 103-97 Արդիւնքով
Մարզական

Ուասլ 2026. Սաժես Յաղթեց Կորկանին` 103-97 Արդիւնքով

September 29, 2026
Ճատրակ.  Հայաստանի Զոյգ Հաւաքականները 6-րդ Դիրքին Վրայ Աւարտեցին Օլիմփիատան
Մարզական

Ճատրակ. Հայաստանի Զոյգ Հաւաքականները 6-րդ Դիրքին Վրայ Աւարտեցին Օլիմփիատան

September 29, 2026
Մանչեսթըր Սիթիի Վճիռը…
Մարզական

Մանչեսթըր Սիթիի Վճիռը…

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.