Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Պաշտպանէ 2026 Թուականի «Ազգային Պաշտպանական Իրաւասութիւններու Աքթ»-ի Հայանպաստ Փոփոխութիւնները

September 6, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը հանդէս եկած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ քննարկուող 2026 թուականի «Ազգային պաշտպանական իրաւասութիւններու աքթ»-ի շարք մը հայանպաստ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններու աջակցութեամբ: Անոնք կը հետապնդեն.

  • Հայաստանի անվտանգութեան ուժեղացում,
  • Ազրպէյճանի զօրքերու դուրսբերում Հայաստանի տարածքէն,
  • հայ գերիներու ազատ արձակում,
  • Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու վերադարձ,
  • հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութիւն,
  • Ազրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական օգնութեան դադրեցում,
  • Միացեալ Նահանգներու նախագահի` 907-րդ բանաձեւի ամէնամեայ չեղարկման նախագահական իրաւասութեան սահմանափակում,
  • զէնքի մատակարարման սահմանափակումներ Թուրքիոյ:

Մեկնաբանելով ներկայացուած նախաձեռնութիւնը` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան նկատած է. «Ազրպէյճան պիտի շարունակէ հայ գերիներու ապօրինի պահպանումը, Հայաստանի տարածքներու բռնագրաւումը եւ Արցախի քրիստոնէական ժառանգութեան աւերումը այնքան ժամանակ, քանի տակաւին զայն պատասխանատուութեան չեն ենթարկեր: Քոնկրեսը պէտք է վճռական քայլ կատարէ` դադրեցնելով ռազմական օգնութիւնը Ազրպէյճանին եւ ամրապնդելով Հայաստանի անվտանգութիւնը»:

Շարք մը փոփոխութիւններ կը վերաբերին նաեւ Թուրքիոյ` արգելակելով «Էֆ-35» եւ «Էֆ-16» ռազմական օդանաւերու մատակարարումն ու արդիականացումը, քանի տակաւին Անգարան չէ դադրեցուցած ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներու եւ գործընկերներու ինքնիշխանութեան խախտումները:

Ծերակոյտին մէջ, ծերակուտական Ատամ Շիֆի ներկայացուցած փոփոխութիւնը կոչ կ՛ուղղէ դադրեցնելու Ազրպէյճանի կողմէ հայ գերիներու կեղծ դատավարութիւնները, ապահովելու բոլոր գերիներուն եւ պատանդներուն ազատումը եւ կիրարկելու «Մակնիցքիի համաշխարհային պատժամիջոցներ»` մարդու իրաւունքներու խախտումներու մէջ ներգրաւուած ազրպէյճանցի պաշտօնեաներու նկատմամբ:

Այս երկկուսակցական նախաձեռնութիւնները կը ձեւաւորեն ամուր օրէնսդրական արձագանգ` Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան սպառնալիքներուն եւ կ՛ամրապնդեն Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգային քաղաքականութեան նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու վերահսկողութիւնը:

Նախորդը

Սոպհանի. «Հայաստանի Տարածքով Ոչ Մէկ Միջանցք Պիտի Ըլլայ»

Յաջորդը

Շէյխ Հըժրի. «Ինքնորոշման Իրաւունքը Սրբազան Է, Եւ Մեր Գողցուած Գիւղերը Պէտք Է Իրենց Ժողովուրդին Վերադարձուին»

RelatedPosts

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգիչ Կը Նկատէ Բարգաւաճ Հայաստանը Ազգային Ժողովէն Դուրս Ձգած Ընտրատեղամասերու Արդիւնքներու Չեղեալ Նկատուիլը
Գլխաւոր լուրեր

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգիչ Կը Նկատէ Բարգաւաճ Հայաստանը Ազգային Ժողովէն Դուրս Ձգած Ընտրատեղամասերու Արդիւնքներու Չեղեալ Նկատուիլը

September 29, 2026
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցները
Գլխաւոր լուրեր

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցները

September 29, 2026
Հայաստանը Եւ Իրանը Քննարկեցին Բեռնափոխադրութեան Ոլորտին Մէջ Առկայ Հարցերը
Հայկական

Հայաստանը Եւ Իրանը Քննարկեցին Բեռնափոխադրութեան Ոլորտին Մէջ Առկայ Հարցերը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.