Հայաստանի տարածքով ոչ մէկ միջանցք պիտի ըլլայ: Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի:
«Ո՛չ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած փաստաթուղթին մէջ, ո՛չ ալ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրին մէջ «միջանցք»-ի մասին կը խօսուի: Չի խօսուիր նաեւ 99 տարուան վարձակալութեան մասին», նշած է դեսպանը: