Պէյրութի նահանգապետ դատախազ Մարուան Ապպուտ ընդունեց «Պէյրութ Մարաթոն միութեան» նախագահ Մայ Խալիլը, որ միութեան փոխնախագահ Հասսան Ռոսթոմի եւ հաշուապահ ու մամլոյ պատասխանատու Հասսան Մոհիէտտինի հետ ներկայացած էր` վաղուան «Ռան տը Սիթի» մրցումին պատրաստութիւններուն մասին տեղեկութիւններ տալու:
«Ռան տը Սիթի» մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Կեդրոնական Պէյրութէն մինչեւ ծովեզերեայ շրջանը, «շատ ապահով չէ», ըստ Խալիլի, որ մօտ 10 օր առաջ Մանարայի մայթին վրայ վազելու ժամանակ վիրաւորած էր իր ոտքը եւ վիրաբուժութեան ենթարկուած: Ապպուտ անմիջապէս կապի մէջ մտաւ համապատասխան կառոյցներուն հետ` ճամբաներուն փոսերը գոցել տալու համար, մանաւանդ որ այդ փոսերը կրնան մարզիկներու ապահովութիւնը վտանգել:
Անշուշտ այդ փոսերը բոլորն ալ պատահմամբ չէ, որ յառաջացած են, եւ պէտք է պատասխանատու անձերը հարցաքննել, մանաւանդ որ այդպիսի անձեր կը փորձեն մայրաքաղաքի դիմագիծը տգեղցնել: Այսպիսի մրցումներ Պէյրութի ներկայութիւնը կը փաստեն` իբրեւ մարզական մայրաքաղաքներու եւ քաղաքներու «մայր»:
Այս այցելութենէն ետք այլ այցելութիւն մըն ալ կատարեց Պէյրութի մարաթոն միութիւնը Պէյրութի քաղաքապետ Իպրահիմ Զէյտանի: Հանդիպումի ընթացքին ներկայացուեցան «Ռան տը Սիթի» մրցումին մանրամասնութիւնները` յոյսով, որ ապագային աւելի երկար տեսակցութիւն մը տեղի ունենայ, ուր միասնաբար ծրագրուին Պէյրութի մէջ մարզական կեանքի բարելաւման քայլեր, որոնք շատ կ՛օգնեն գեղեցկացնելու Պէյրութի դիմագիծը:




