Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու Անձնապէս Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

August 28, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երեքշաբթի օր հայկական ու ասորական ծագումով Փաթրիք Պեթ Տաւիտի փոտքասթի ընթացքին յայտնեց, թէ ինք անձնապէս կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Երբ լրագրողը հարցուց, թէ ինչո՞ւ Իսրայէլ չի ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը, Նեթանիահու պատասխանեց. «Կը կարծեմ` փաստացի ճանչցած ենք: Քնեսեթը նման բանաձեւ որդեգրած է»:

Նշենք, սակայն, որ Քնեսեթը այդպիսի բանաձեւ մը չէ որդեգրած:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ իսրայէլացի ոեւէ վարչապետ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 20-րդ դարու սկիզբը կատարուած ցեղասպանութիւնը չի ճանչնար, Նեթանիահու ըսաւ. «Ճիշդ հիմա ճանչցայ: Ահա, խնդրեմ»:

Փաթրիք Պեթ Տաւիտ «Էքս»-ի իր էջին վրայ տեղադրած է հարցազրոյցը եւ կից գրած. «Վարչապետ Նեթանիահուն պաշտօնապէս կը ճանչնայ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կատարուած հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարութեամբ դատապարտեց Իսրայէլի վարչապետին Հայոց ցեղասպանութեան մասին յայտարարութիւնը:

«1915 թուականի իրադարձութիւններուն վերաբերող Նեթանիահուի յայտարարութիւնը անցեալի ցաւոտ իրադարձութիւնները քաղաքական նպատակով շահարկելու փորձ է», յայտարարած է նախարարութիւնը:

«Մենք կը դատապարտենք այս յայտարարութիւնը, որ կապ չունի պատմական եւ իրաւական փաստերու հետ», պնդեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Նեթանիահուն, որուն կը դատեն Պաղեստինի ժողովուրդի ցեղասպանութեան մէջ իր դերակատարութեան համար, այսօր կը փորձէ կոծկել իր եւ իր կառավարութեան կատարած յանցագործութիւնները»:

 

 

Նախորդը

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Տնտեսական Պատերազմի Կարելիութեան Մասին Կը Յայտարարէ

Յաջորդը

Ալիեւ. «Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Չէ Ստորագրուած Որոշակի Պատճառով»

RelatedPosts

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ  Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

October 26, 2026
Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին  Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է  Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով
Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով

October 26, 2026
Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին
Հայկական

Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.