
Երէկ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ կնոջ դերը սփիւռքի մէջ» խորագիրով կլոր սեղանը, զոր վարեց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Մասնակցեցան գիտական, կրթական հաստատութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն:
Կլոր սեղանին նպատակն էր բնութագրել եւ արժեւորել հայ կնոջ իւրայատուկ տեղը եւ դերը հայ կեանքին մէջ, անդրադառնալ սփիւռքի մէջ անոր կատարած ազգապահպանման դերին, հայ կնոջ դերին ընդհանրապէս` իբրեւ ընտանիքի սրբութեան, պատիւի եւ արժանապատուութեան պահպանող եւ նոր սերունդի առաջին դաստիարակի պարտականութիւնները կատարող:
Բացման խօսքը արտասանեց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Շնորհաւորելով հայ կինը մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին առիթով` Հ. Յակոբեան մաղթեց առողջութիւն եւ երջանկութիւն` ընդգծելով կնոջ անգնահատելի դերակատարութիւնը հայ հասարակութեան մէջ:
Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի աշխատակիցներ Ա. Ստեփանեան եւ Ս. Պօղոսեան զեկուցեցին համապատասխանաբար «Հայրենադարձութիւնը եւ հայ կինը» եւ «Հայ կինը աւանդական եւ արդի հասարակութեան մէջ` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ» նիւթերուն շուրջ:
Կլոր սեղանին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցան հայ կնոջ դերակատարութեան ազգային ինքնութեան ձեւաւորման եւ պահպանութեան հոլովոյթին մէջ, հասարակական-քաղաքական, մշակութային կեանքին, ինչպէս նաեւ գիտութեան եւ կրթութեան մարզին մէջ:


