Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամի Հետ Հանդիպումէն Ետք. Սինիորա. «Կ՛ուզենք, Որ Իրան Իրողապէս Լիբանանի Բարեկամը Ըլլայ Եւ Յարգէ Անոր Գերիշխանութիւնը»

August 15, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ:

Սինիորա Սալամի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Քննարկեցինք Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող բոլոր հարցերը: Անկասկած,  Լիբանան տակաւին կը տառապի Իսրայէլի առօրեայ յարձակումներէն, որոնք աւերման, քանդումի, ահաբեկման եւ սպանութեան կը յանգեցնեն»:

Ան դատապարտեց եւ մերժելի նկատեց երէկ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիրի` կարգ մը զինուորներու ընկերակցութեամբ Լիբանանի հետ սահմանին վրայ շրջագայութիւնը:

Անդրադառնալով Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանիի Լիբանան այցելութեան` նախկին վարչապետը նշեց. «Կ՛ուզենք, որ Իրան իրողապէս Լիբանանի բարեկամը ըլլայ եւ անոր ներքին հարցերուն չմիջամտէ: Մինչ Լիբանան ծանրաբեռնուած է, Իրան կը շարունակէ զայն ծանրաբեռնել այնպիսի բաներով, որոնք չի կրնար տանիլ: Հետեւաբար, յոյս ունինք, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը ամէն ինչ կ՛ընէ` Լիբանանը հեռու պահելու այն բաներէն, զորս կը փորձէ անոր պարտադրել եւ զորս ան չի կրնար տանիլ»:

Ան խոր գնահատում յայտնեց «անցեալ շաբաթ լիբանանեան կառավարութեան որդեգրած կարեւոր ու քաջարի որոշումներուն, ինչպէս նաեւ երէկ Ալի Լարիժանիի այցելութեան ընթացքին հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին արտայայտած կեցուածքներուն, եւ ասիկա իրապէս  Լիբանանի որդեգրած կարեւոր բաներէն է, եւ որ պէտք է շարունակ պնդէ զէնքը լիբանանեան պետութեան եւ բանակէն ու ներքին ապահովութեան ուժերէն բաղկացած անոր օրինական ուժերուն մենաշնորհը դարձնելու կարեւորութեան վրայ, որովհետեւ ատիկա միակ ձեւն է, որ պետութիւնը կրնայ իր ամբողջական իշխանութեան եւ իր բոլոր հարցերուն մէջ ազատ որոշումին վերատիրանալ»:

«Օրերը փաստեցին, թէ ոչ ոք լիբանանցիներէն որեւէ խումբ կը պաշտպանէ բացի լիբանանեան պետութենէն, եւ որեւէ արտաքին կողմէ, ասկէ կամ անկէ իսկական պաշտպանութիւն չկայ. լիբանանեան պետութիւնը մեր միակ յոյսն է», շեշտեց Սինիորա:

 

 

Նախորդը

Զէյն. «Բանակի Ծրագիրը Պիտի Ներկայացուի Նախարարաց Խորհուրդի 2 Սեպտեմբերի Նիստին»

Յաջորդը

Նեթանիահու Կը Շնորհաւորէ Թրամփը, Փաշինեանն Ու Ալիեւը

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.