Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հրապարակած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Նախաստորագրուած Համաձայնագիրի Բնագիրը

August 12, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու նախաստորագրուած համաձայնագիրի բնագիրը, որ բաղկացած է 17 յօդուածէ:

Խաղաղութեան համաձայնագիրի համաձայնեցումէն հինգ ամիս ետք` Հայաստանն ու Ազրպէյճանը 8 օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ միայն նախաստորագրեցին համաձայնագիրը, որուն ամբողջական բնագիրը այդ օր չէր հրապարակուած:

Ըստ համաձայնագիրին, Երեւանն ու Պաքուն կը ճանչնան եւ կը յարգեն մէկզմէկու ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, միջազգային սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը եւ քաղաքական անկախութիւնը, ձեռնպահ կը մնան տարածքային ամբողջականութեան կամ քաղաքական անկախութեան դէմ կամ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կանոնադրութեան հետ անհամատեղելի որեւէ այլ ձեւով ուժի կիրարկումէն կամ ուժի կիրարկման սպառնալիքէն:

Երեւանն ու Պաքուն կը պարտաւորուին ձեռնպահ մնալ մէկզմէկու ներքին գործերուն միջամտելէ, վաւերացման ներպետական ընթացակարգերը անցած ըլլալու մասին ծանուցումներու փոխանակումէն ետք դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել, բարեխղճօրէն բանակցութիւններ վարել համապատասխան սահմանային հարցերով յանձնախումբերու միջեւ, որեւէ երրորդ կողմի ուժեր իրենց համատեղ սահմանի երկայնքին չտեղակայել:

Համաձայնագիրը իրագործելու համար կը ստեղծուի երկկողմանի յանձնախումբ:

Համաձայնագիրը ուժի մէջ մտնելէ ետք մէկ ամսուան ընթացքին երկու երկիրները ետ կը կանչեն, չեղեալ կը նկատեն կամ այլ կերպով կը լուծեն որեւէ իրաւական հարթակի մէջ ներկայացուած որեւէ եւ բոլոր միջպետական հայցերը, գանգատները, բողոքները, առարկութիւնները, վարոյթները եւ վէճերը, «որոնք կը վերաբերին մինչեւ սոյն համաձայնագիրի ստորագրումը:

Նախորդը

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է 2020-2022 Թուականներուն Ձեռք Բերուած Եռակողմ Համաձայնութիւններուն Համապատասխան` Նպաստել Հայ-Ազրպէյճանական Կարգաւորման, Փոխադրամիջոցային Ապաշրջափակման»

Յաջորդը

Ակնարկ. 9 Նոյեմբերի Վերափոխումը 8 Օգոստոսի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.