Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այվազովսքիի Յուշարձանի Ոչնչացումը Անմարդկային Գործելաոճ Է Ու Մշակութային Ցեղասպանութիւն

August 11, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Մշակութային ցեղասպանութեան գազանային նո՛ր ձեւակերպ` Ազրպէյճան կ՛ոչնչացնէ Այվազովսքիի յուշարձանը բռնագրաւեալ Արցախ հայաշխարհին մէջ:

Աշխարհի գեղանկարչական ժառանգութեան անքակտելի մաս կազմող ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի յուշարձանի ոչնչացումը բռնագրաւեալ Արցախի մէջ կը հանդիսանայ հերթական անմարդկային գործելաոճը ազրպէյճանական ծաւալապաշտ իշխանութիւններուն` այս անգամ մշակութային ցեղասպանութեան հետեւողական եւ ծրագրաւորուած քաղաքականութեամբ:

Ազգովին կը հաւատանք, որ մշակութային ժառանգութիւնը ոչ միայն անցեալի վկայութիւնն է, այլեւ` ժողովուրդի ինքնութեան ու հոգեւոր դիմագիծի արտայայտութիւն: Յովհաննէս Այվազովսքի իր հրաշագեղ ծովանկարներով հիացուցած է համաշխարհային արուեստասէր հասարակութիւնն ու համամարդկային արուեստի մշակութասէր աշխարհը:

Այդ իսկ պատճառով Այվազովսքիի կիսանդրին քանդելը ուղղակի յարձակում եւ յանցագործութիւն է համամարդկային գեղանկարչական ու արուեստի մշակոյթին վրայ, եւ վստահաբար` դատապարտելի:

Բարբարոս Ազրպէյճանի անմարդկային ոտնձգութիւնները պէտք չէ անտեսուին քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ որեւէ ձեւով: Մշակոյթի այս սպանդը ոչ միայն անարգանք ու նախատինք է հայ ժողովուրդին ու անոր մշակոյթին նկատմամբ, այլեւ  յստակ խախտում է միջազգային պայմանագրերու եւ համաձայնութիւններու, որոնք կ՛երաշխաւորեն մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը գողութիւններու, պատերազմներու եւ հակամարտութիւններու ժամանակ:

Ազգովին, միասնական ճակատով ու նոր չափանիշով կոչ պէտք է ուղղենք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին, Եւրոպայի խորհուրդին, ՄԱԿ-ի մշակոյթի եւ մարդկային իրաւունքներու հարցերով զբաղող հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ աշխարհի բոլոր մշակութային եւ ակադեմական կեդրոններուն` խստօրէն դատապարտելու  Արցախի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման այս ահաւոր գործընթացը:

Անյապաղ միջոցներու ձեռնարկել` կանխելու համար բռնագրաւեալ տարածքներուն մէջ հայ մշակութային ժառանգութեան կանխամտածուած ու համակարգուած ոչնչացումը:

Այսպիսի եւ նմանօրինակ գործողութիւնները պէտք է դուրս բերուին քաղաքականութեան նեղ շրջանակէն եւ դիտարկուին որպէս ահաբեկչութիւն` մարդկային արժէքներու եւ քաղաքակրթական յիշողութեան դէմ: Մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը ցեղասպանական քաղաքականութեան մաս կը կազմէ եւ պէտք է արժանանայ միջազգային իրաւական դատապարտումին:

Այս եւ նման մշակութային կոթողներու վրայ յարձակումներն ու բնաջնջումները  լռութեամբ չընդունելու ժամանակն է հիմա: Հայաստանի անժառանգ ու պատմութեան հաստաբուն կաղնին կացինահարող  իշխանաւորները լուռ են ու անտարբեր` ի տես կատարուածին: Այո՛, մշակոյթը հայ ժողովուրդի գոյատեւումի գլխաւոր ազդակներէն մին է եւ ան պէտք է պաշտպանուի պետական բարձր մակարդակով:

Հայ նորահաս եւ ապագայ սերունդներու մշակութային իրաւունքները պաշտպանելու ժամանակն է այսօր, եւ հաւատացէք, որ վաղը շատ ուշ է…

Մենք արդարօրէն պէտք է պահանջենք աշխարհի քաղաքակիրթ  կոչուած պետութիւններէն, որ արթննան իրենց թմբիրէն, կանխարգիլեն ու դատապարտեն ծաւալապաշտ ազերի իշխանաւորներու զազրելի եւ գարշահամ ախորժակները` կանխելու Արցախ հայաշխարհի մշակութային ժառանգութիւններու ցեղասպանութիւնը եւ պահանջելու ու իրագործելու բիւրաւոր արցախահայերու արժանապատիւ վերադարձը հազարամեակներու պատմական հայրենի տուն:

Թորոնթօ

Նախորդը

Վտանգը

Յաջորդը

Անհատ, Համայնք Եւ Քաղաքական Տնտեսութիւն. Դիտարկումներ Լիբանանահայ Կեանքէն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.