Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է, Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»

August 2, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ բուռն կերպով քննադատեց Ուքրանիոյ նկատմամբ Ռուսիոյ վարմունքը` զայն նկատելով «նողկալի»:

Ան ընդգծեց, որ մտադիր է Մոսկուայի դէմ պատժամիջոցներ հաստատել, եթէ համաձայնութիւն չգոյանայ:

Թրամփ Սպիտակ տան Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին աւելցուց, որ վստահ չէ, եթէ պատժամիջոցները Ռուսիան պիտի զսպեն, եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին մինչեւ 8 օգոստոս ժամանակ տուաւ համաձայնութեան հասնելու, այլապէս տնտեսական ճնշումներով պիտի հակադարձէ:

Սպիտակ տան ղեկավարը նշեց, թէ սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի ժողովի ընթացքին Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալու Քանատայի մտադրութիւնը իրեն հաճելի չէ, սակայն աւելցուց, որ ատիկա Օթաուայի հետ առեւտրական բանակցութիւնները չի խանգարեր:

Ինչ կը վերաբերի Իրանին, Թրամփ նշեց. «Անոնք չափազանց վատ ձեւով կը վարուին»:

Անդրադառնալով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Հաքըպիի Կազա այցելութեան` ան ըսաւ. «Կ՛ուզենք վստահ ըլլալ, թէ մարդիկ կերակուրը կը ստանան»:

Միւս կողմէ, ամերիկեան «Էն.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ Կազա ամերիկեան օժանդակութիւններու ղեկավարման մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կը վստահի՞, յայտնեց. «Ան հաստատօրէն ատակ անձ մըն է»:

Սակայն ան շեշտեց, որ տակաւին Համաս շարժումի օժանդակութիւնները գողնալուն նկատմամբ մտահոգ է:

«Նոր վարչակազմը պիտի դադրեցնէ գողութիւնը, եւ կը յուսամ, թէ Իսրայէլ ատիկա պիտի ապահովէ», յայտնեց Թրամփ:

Նախորդը

Պարրաք Ազրպէյճանէն Բնական Կազի Թուրքիոյ Ճամբով Սուրիա Տեղափոխումը Ֆինանսաւորելուն Համար Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ Քաթարին

Յաջորդը

Խմբագրական. Մինչեւ Գործառոյթներու Եւ Մենաշնորհումներու Ամբողջական Ստանձնում

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.