Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ

July 31, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լաւատեղեակ հինգ աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, թէ Ուաշինկթըն Պէյրութի վրայ ճնշումը կը բարձրացնէ, որպէսզի նախարարաց խորհուրդը որդեգրէ պաշտօնական որոշում մը, որ զայն կը պարտաւորեցնէ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու վերաբերեալ բանակցութիւնները սկսելէ առաջ Հըզպալլան զինաթափել:

Աղբիւրները, որոնք լիբանանցի երկու պաշտօնատարներ, երկու դիւանագէտներ եւ լաւատեղեակ լիբանանցի աղբիւր մըն են, լրատու գործակալութեան նշած են, որ եթէ լիբանանցի նախարարները հրապարակային յանձնառութիւն մը չստանձնեն Միացեալ Նահանգները ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքը լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ բանակցելու համար Պէյրութ պիտի չուղարկեն եւ Իսրայէլի վրայ ճնշում պիտի չբանեցնեն, որպէսզի իր օդային յարձակումները դադրեցնէ կամ իր ուժերը հարաւային Լիբանանէն հեռացնէ:

Աղբիւրներէն չորսը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած են, թէ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղած է անցեալ տարի Հըզպալլայի ու Իսրայէլի միջեւ ամիսներու վրայ երկարած արիւնալի կռիւին վերջ տուած զինադադարի համաձայնութեան ամբողջական գործադրութեան համար իբրեւ առաջին քայլ Իսրայէլի օդային յարձակումներու դադրեցումը երաշխաւորելու:

Աղբիւրները աւելցուցած են, թէ Իսրայէլ քանի մը օր առաջ մերժած է Պըրրիի առաջարկը:

Նախորդը

Պըրրի. «Երկրին Մէջ Ոմանց Իրերայաջորդ Կերպով Լայնածաւալ Պատերազմի Ահազանգ Հնչեցնելը Զարմանալի Է Եւ Կը Հակասէ Ազգային Պատասխանատուութեան Ոգիին»

Յաջորդը

Ալճերիա-Լիբանան Վեհաժողով Եւ Ընդլայնուած Բանակցութիւններ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.