Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիատ. «Պաղեստինեան Պետութեան Հաստատումէն Առաջ Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններ Պիտի Չհաստատենք»

July 30, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանը ընդգծեց, թէ իր երկիրը Պաղեստինեան պետութեան հաստատումէն առաջ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններ պիտի չհաստատէ:

Սէուտական դիւանագիտութեան պետը ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ պաղեստինեան դատի խաղաղ լուծման եւ երկու պետութիւններ սկզբունքի գործադրման նուիրուած բարձր մակարդակով միջազգային խորհրդաժողովի ծիրին մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտեց. «Ժամանակն է վերջ տալու տագնապին եւ պաղեստինեան պետութիւնը ստեղծելու»:

«Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ խաղաղութիւնը շրջանային համապարփակ խաղաղութեան հաստատման հիմնական մուտք մըն է», ըսաւ ան:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտարարեց. «Առանց պաղեստինեան պետութեան ստեղծման Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններ չկան»:

«Կը զօրակցինք եգիպտական, քաթարական եւ ամերիկեան ջանքերուն գոյացնելու զինադադարի համաձայնութիւն մը, որ կը ներառէ գերիներու ազատ արձակում, իսրայէլեան ուժերու հեռացում եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու առանց սահմանափակումներու մուտքի երաշխաւորում», աւելցուց Պըն Ֆարհան:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը, ակնարկելով ամերիկեան ընթացող միջնորդութեան, շեշտեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփը Կազայի մէջ պատերազմը դադրեցնելու եւ պաղեստինեան անկախ պետութեան հաստատման օգնող դերակատարութիւն ունի»:

Նախորդը

«Այսօր, Իրանի Տկարացած Ըլլալու Պայմաններուն Մէջ, Հարաւային Կովկասը Աւելի Անվտանգ Է» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Մէջ Իսրայէլի Դեսպանը

Յաջորդը

Ազրպէյճան Կրնայ Միանալ Աբրահամեան Համաձայնագիրին

RelatedPosts

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը
Գլխաւոր լուրեր

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը

September 30, 2026
Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»
Միջազգային

Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»

September 30, 2026
Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի
Միջազգային

Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.