Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ռուսիան Առանձին Կը Կռուի Ամբողջ Արեւմուտքի Դէմ. Մենք Մարտադաշտի Մէջ Դաշնակիցներ Չունինք»

July 29, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլլալով Ռուսիան Արեւմուտքի դէմ պայքարին մէջ դաշնակիցներ չունի: Ան յոյսը կը դնէ միայն իր վրայ: Այս մասին «Նշանակութիւններու տարածք» 9-րդ համառուսական երիտասարդական կրթական համախմբումին ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Պատմութեան մէջ առաջին անգամ Ռուսիան առանձին կը կռուի ամբողջ Արեւմուտքի դէմ: Համաշխարհային առաջին պատերազմին մէջ, Համաշխարհային Բ. պատերազմին մէջ դաշնակիցներ ունէինք: Հիմա մենք մարտադաշտին մէջ դաշնակիցներ չունինք: Կարելի չէ որեւէ տկարութիւն կամ անգործութիւն թոյլ տալ», ըսած է Լաւրով:

Անոր համաձայն, Ռուսիան կը պնդէ իր օրինական պահանջները` անվտանգութեան ապահովում, ՕԹԱՆ-ի չընդլայնում, Ուքրանիոյ ռուսալեզու բնակչութեան պաշտպանութիւն:

«Յատուկ զինուորական գործողութիւն սկսելուն այլընտրանք չկար: Տարածքները չէ, որ մեզի համար կարեւոր են… Մենք ունինք աշխարհի մեծագոյն երկիրը: Մեզի համար կարեւոր է, որ դարեր շարունակ այնտեղ ապրած, ռուսական մշակոյթի, ռուսերէն լեզուի, ռուսական կրթութիւն կրող, նոյն մշակոյթին մէջ իրենց երեխաները դատիարակելու ցանկութիւն ունեցող մարդիկ չոչնչացուին, անոնց իրաւունքները պաշտպանուած ըլլան: Ասիկա բացարձակապէս օրինական պահանջ է: Եւ, ի հարկէ, մեր սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած իրողութիւններու ճանաչումը բացարձակապէս անվիճելի պահանջ է», ընդգծած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

Նախորդը

Զելենսքի Փութինի Հետ Հանդիպումի Կազմակերպման Հարցին Մէջ Յառաջընթացի Մասին Կը Յայտարարէ

Յաջորդը

Արաղչի. «Թշնամին Էր, Որ Զինադադար Պահանջեց, Եւ Մենք Էինք, Որ Վերջին Հարուածը Հասցուցինք»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.