Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաղչի. «Թշնամին Էր, Որ Զինադադար Պահանջեց, Եւ Մենք Էինք, Որ Վերջին Հարուածը Հասցուցինք»

Յուլիս 29, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի նոր մանրամասնութիւններ հաղորդեց 12-օրեայ պատերազմէն ետք Իրանի` Իսրայէլի հետ զինադադար հաստատել ընդունելուն մասին:

Ան Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդը ճակատումի 8-րդ կամ 9-րդ օրը որդեգրեց ռազմավարական որոշում մը ընդունելու առանց նախապայմաններու զինադադար մը, պայմանով, որ Իսրայէլ պաշտօնական դիմում ներկայացնէ, եւ այդ որոշումը տրուեցաւ «ուժի դիրքէ»:

Պատասխանելով Իրանի բանակցութիւններուն մէջ Միացեալ Նահանգներու կողմէ խաբուած ըլլալուն մասին հարցումի մը` ան ըսաւ. «Երբ բանակցութիւններու ձեռնարկելու որոշում տրուի, ատիկա ազգային որոշում կ՛ըլլայ, եւ պէտք է անոր յանձնառու ըլլալ: Ըսել, թէ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խաբուեցաւ, ճիշդ չէ, որովհետեւ բանակցութիւնը ամբողջ պետութեան ռազմավարական որոշումն էր, եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր դերը կատարեց վարչակարգի բարձրագոյն հրամանատարութեան ցուցմունքներուն համաձայն»:

Պատասխանելով Միացեալ Նահանգներուն հետ բանակցութիւնները վերսկսելու կարելիութեան մասին հարցումին` Արաղչի յայտնեց. «Յաղթանակի ժամանակ, երբ դրօշդ բարձր կ՛ըլլայ, պէտք է բանակցութեան դիմես, որովհետեւ աշխարհին մեր ուժը փաստեցինք»:

«Իսրայէլեան գոյացութիւնը կը կարծէր, թէ Իրանը մէկ շաբաթէն պիտի տապալի, սակայն ատիկա տեղի չունեցաւ, եւ տեսանք, թէ ինչպէ՛ս քանի մը ժամէն նոր հրամանատարներ նշանակուեցան, եւ յարձակումներուն ուժեղ պատասխան տրուեցաւ», աւելցուց ան:

«Թշնամին էր, որ զինադադար պահանջեց, եւ վերջին հարուածը հասցնողը մենք էինք», եզրափակեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

 

Նախորդը

Լաւրով. «Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ռուսիան Առանձին Կը Կռուի Ամբողջ Արեւմուտքի Դէմ. Մենք Մարտադաշտի Մէջ Դաշնակիցներ Չունինք»

Յաջորդը

Վելայաթի. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Որոշ Համաթրքական Շարժումներ Կ՛աջակցին»

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?