«Զանգեզուրի միջանցք» նախագիծով Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը նպատակ ունին վնաս հասցնել Իրանի ազգային անվտանգութեան», նախանցեալ օր յայտարարած է Իրանի հոգեւոր գերագոյն պետ այաթոլլա Խամենէիի միջազգային հարցերով գլխաւոր խորհրդական Ալի Աքպար Վելայաթի:
Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնեայի համոզումով` «Զանգեզուրի միջանցք» անուան տակ իրականութեան մէջ թաքնուած է լայն աշխարհաքաղաքական ծրագիր. «Իրական նպատակն է թուլացնել «դիմադրութեան առանցք»-ը, խզել Իրանի կապը Կովկասի հետ եւ հարաւի մէջ Իրանի ու Ռուսիոյ դէմ իրականացնել ցամաքային շրջափակում»:
Իրանի հոգեւոր պետի գլխաւոր խորհրդականը, որ շուրջ 16 տարի զբաղեցուցած էր արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը, համոզուած է, որ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք» նախագիծին կ՛աջակցին ոչ միայն ՕԹԱՆ-ն ու Միացեալ Նահանգները, նպատակ ունենալով Ուքրանիայէն ճնշումը տեղափոխել Կովկաս, այլեւ «այդ նախագիծին կ՛աջակցին որոշ համաթրքական շարժումներ»:


