Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգները Եւ Եւրոպական Միութիւնը Համաձայնութիւն Գոյացուցին

July 29, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը առեւտուրի շրջանակային  համաձայնութիւն գոյացուցին` Եւրոպական Միութեան ապրանքներու մեծ մասին վրայ սահմանելով 15 առ հարիւրի ներածման մաքսատուրք:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն համաձայնագիրի մասին յայտարարեցին Սկովտիոյ արեւմտեան հատուածին մէջ գտնուող Թրամփի կոլֆի շքեղ ակումբին մէջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, որ վճռորոշ եղած է ամիսներ տեւած բարդ բանակցութիւններու համար:

«Կը կարծեմ` ասիկա երբեւէ կնքուած մեծագոյն գործարքն է», լրագրողներուն ըսած է Թրամփ` գովաբանելով Եւրոպական Միութեան Միացեալ Նահանգներու մէջ շուրջ 600 միլիոն տոլար ներդրելու եւ ամերիկեան ուժանիւթի ու սպառազինութեան գնումները զգալիօրէն աւելցնելու ծրագիրները:

Թրամփի համաձայն, այս համաձայնագիրը, որ կը գերազանցէ անցեալ շաբաթ Ճափոնի հետ կնքուած 550 միլիառ տոլարնոց գործարքը, պիտի զարգացնէ Անդրատլանտեան գործընկերութիւնը` Միացեալ Նահանգներու արտածողներուն հանդէպ տարիներ շարունակ տիրող անարդար վերաբերմունքէն ետք:

Ֆոն Տեր Լեյեն, Թրամփը նկարագրելով իբրեւ կոշտ բանակցող, նշած է, որ 15 առ հարիւր մաքսատուրքը կը կիրարկուի «համապարփակ ձեւով»:

«Ասիկա լաւագոյնն էր, ինչ որ կրնայինք ստանալ», ըսած է ան:

Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց ողջունած է համաձայնագիրը` նշելով, որ անիկա կանխած է առեւտրական պատերազմը, որ ծանր հարուած պիտի հասցնէր Գերմանիոյ արտածումի վրայ հիմնուած տնտեսութեան եւ ինքնաշարժներու մեծ ոլորտին:

Ամերիկեան վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը լրագրողներուն յայտնեց, թէ Թրամփ պահպանած է մաքսատուրքերը հետագային բարձրացնելու կարելիութիւնը, եթէ եւրոպական երկիրները չկատարեն իրենց ներդրումային պարտաւորութիւնները:

Նախորդը

Վելայաթի. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Որոշ Համաթրքական Շարժումներ Կ՛աջակցին»

Յաջորդը

Ուքրանիա Առաջին Անգամ Ըլլալով Ազրպէյճանէն Կազ Պիտի Գնէ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.