Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Իրանի հետ ճակատամարտի վերսկսման հաւանականութիւն գոյութիւն ունի»:
«Պէտք է ազդու ծրագիր մը մշակենք` վստահ ըլլալու, որ Իրան իր հիւլէական եւ հրթիռային ծրագիրները պիտի չվերականգնէ», շեշտեց Քաց:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը նաեւ յայտնեց. «Կազայի եւ Եմէնի մէջ երկու բաց ճակատներ ունինք եւ պէտք է զանոնք ամբողջովին վճռենք»:
«Կազայի մէջ պատերազմի նպատակներու իրագործման շատ մօտ ենք», նշեց ան:


