Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական Ճոշ Հաուլի Ծերակոյտին, իսկ ներկայացուցիչ Ռայլի Մուր Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուցած են քրիստոնեաներու հալածանքները, ներառեալ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի հայերու նկատմամբ գործուած ցեղային զտումները դատապարտող բանաձեւեր: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:
«Այս երկկուսակցական բանաձեւերը կ՛արտացոլեն եւ կ՛ամրապնդեն Քոնկրեսի կողմէ հայ քրիստոնեաներու առջեւ ծառացած գոյութենական սպառնալիքներու, մասնաւորաբար` Ազրպէյճանի կողմէ 2020-2023 թուականներուն Արցախի ցեղային զտումներու ճանաչումը», նշած է Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:
Բանաձեւերուն մէջ անդրադարձ կը կատարուի թէ՛ Թուրքիոյ մէջ, թէ՛ ալ Սուրիոյ մէջ ապրող քրիստոնեաներու իրաւունքներուն` ընդգծելով, որ այդ երկիրներուն մէջ ապրող նաեւ հայ քրիստոնեայ բնակչութիւնը կը շարունակէ բախիլ համակարգային հալածանքներու:
Բանաձեւերը նաեւ կը յիշեցնեն 2020-2023 թուականներուն Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի հայ քրիստոնեաներու նկատմամբ գործուած ցեղային զտումներու մասին` մատնանշելով, որ կ՛ոչնչացուի նաեւ տեղւոյն հայկական մշակութային ժառանգութիւնը:
Թուրքիոյ վերաբերեալ բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ քրիստոնեաները կը դժուարանան գտնել համապատասխան պաշտամունքի վայրեր, միսիոնարները ստիպուած են լքել երկիրը` ազգային անվտանգութեան առնչուած մտահոգութիւններու կեղծ մեղադրանքներով, իսկ օտարերկրեայ հոգեւորականները կը բախին երկրին մէջ մնալու խոչընդոտներու:
«Քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնը կը շարունակէ անհետանալու վտանգին տակ ըլլալ զինեալներու եւ ահաբեկիչներու յարձակումներուն պատճառով», նշուած է բանաձեւին մէջ` արծարծելով Սուրիոյ մէջ քրիստոնեայ բնակչութեան շուրջ տիրող կացութիւնը:
Ֆոշ Հաուլիի եւ Ռայլի Մուրի ներկայացուցած 327-րդ եւ 594-րդ բանաձեւերուն մէջ պաշտօնեաները Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին կոչ կ՛ուղղեն` առաջնահերթութիւն տալու հալածուած քրիստոնեաներու պաշտպանութեան` իբրեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի մաս:
«Բանաձեւերը վարչակազմին կոչ կ՛ուղղեն դիւանագիտօրէն ներգրաւուիլ իսլամական մեծամասնութիւն կազմող երկիրներու հետ եւ օգտագործելու բոլոր հասանելի գործիքները, ներառեալ` առեւտրական եւ ազգային անվտանգութեան բանակցութիւնները` կրօնական ազատութիւնը խթանելու նպատակով», նշուած է Ամերիկայի հայ դատի գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ:
Բացի ատկէ, կը նշուի, որ «Բաց դռներու համաշխարհային դիտորդական ցուցակի» 2025 թուականի տուեալներուն համաձայն, ամբողջ աշխարհի մէջ աւելի քան 380 միլիոն քրիստոնեայ կ՛ենթարկուի հալածանքներու եւ խտրականութեան, որոնցմէ շատերը կեդրոնացած են իսլամական մեծամասնութիւն ունեցող երկիրներու մէջ:
Զեկուցումը կը նշէ կրօնական ճնշումները` սկսեալ բռնութենէն եւ բանտարկութենէն մինչեւ հարկադիր կրօնափոխութիւն եւ մշակութային ոչնչացում, այլ երկիրներու շարքին Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ:


