Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկացի 87 Քոնկրեսականներ Սպիտակ Տան Վարչակազմին Կոչ Կ՛ուղղեն Ապահովել Հայերու Անվտանգ Վերադարձը Արցախ

July 24, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կ՛ողջունէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի աւելի քան ութսուն անդամներու երկկուսակցական կոչը, որ, ըստ էութեան, կը ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու քսանչորս նահանգները` ընդգրկելով աւելի քան 66 միլիոն ամերիկացիներ: Անոնք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին կոչ կ՛ուղղեն` ապահովել բռնագաղթուած հայերու «համախմբուած, պաշտպանուած եւ արժանապատիւ վերադարձը» իրենց բնօրրան` Արցախի Հանրապետութիւն (Լեռնային Ղարաբաղ), միջազգային իրաւունքի շրջանակներուն մէջ եւ Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման նպատակով:

Մեկնաբանելով Հայ դատի յանձնախումբին աջակցութեամբ կազմուած երկկուսակցական նամակը` Հայ դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան նկատած է. «Այս երկկուսակցական նամակը յստակ ուղերձ է վարչակազմին. տեւական խաղաղութեան հասնելու որեւէ ուղի պէտք է սկսի Արցախ վերադարձի իրաւունքի ճանաչումով, այլ ոչ թէ Ազրպէյճանի կողմէ բնիկ քրիստոնեայ բնակչութեան ցեղային զտման օրինականացումով: Մենք երախտապարտ ենք հայկական հարցերով խումբի ղեկավարութեան եւ բոլոր այն քոնկրեսականներուն, որոնք կանգնեցան վերադարձի ու արդարութեան սկզբունքի կողքին` միջազգային իրաւունքի եւ մարդու իրաւունքներու շրջանակին մէջ»:

Նամակի նախաձեռնողներն են Քոնկրեսի հայկական հարցերով խումբի համանախագահներ Ֆրենք Փալոն, Կաս Պիլիրաքիս, Պրետ Շըրմըն եւ Տէյվիտ Վալատաու: Անոնց ուղերձին մէջ կը նշուի. «Մենք կոչ կ՛ուղղենք ձեզի ներգրաւելու հակամարտութեան բոլոր կողմերը` ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղի բռնագաղթուած հայերու համախմբուած, պաշտպանուած եւ արժանապատիւ վերադարձը իրենց բնօրրան: Այս քայլը համահունչ է միջազգային իրաւունքին եւ կը  նպաստէ շրջանին մէջ արդար եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման»:

Նամակին մէջ կը փաստագրուին 2023 թուականին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ իրականացուած շրջափակման եւ ռազմական յարձակման հետեւանքները, որոնց պատճառով «բռնագաղթի ենթարկուեցաւ ամբողջ` շուրջ 120000 քրիստոնեայ հայ բնակչութիւնը»: Կ՛աւելցուի նաեւ, որ յարձակումէն ետք Ազրպէյճանը «համակարգուած կերպով ոչնչացուցած է հայկական քրիստոնէական մշակութային ժառանգութեան կոթողները» եւ «թալանած ու աւերած է քաղաքացիական սեփականութիւն եւ հանրային ենթակառուցուածքներ` նպատակ ունենալով բացառել վերադարձի կարելիութիւնը»:

Նամակին մէջ կը յիշեցուի` «պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած ժողովուրդներու վերադարձի իրաւունքը միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունք է»: Կը նշուի նաեւ 2023 թուականի Միջազգային արդարադատության դատարանի կողմէ Ազրպէյճանին ուղղուած հրամանը` ապահովելու Արցախի հայ բնակչութեան անվտանգ եւ ապահով վերադարձը:

Քոնկրեսականները յատուկ կոչ կ՛ուղղեն Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին` աջակցելու Զուիցերիոյ խորհրդարանին կողմէ ընդունուած խաղաղութեան նախաձեռնութեան, որ նպատակ ունի «ստեղծել միջազգային բանակցային հարթակ` ապահովելու հայերու անվտանգ, պաշտպանուած եւ միջազգային երաշխիքներով վերադարձը»:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին Ու Ներկայացուցիչներու Տան Ներկայացուած Են Արցախի Մէջ Ազրպէյճանի Գործած Ցեղային Զտումները Դատապարտող Բանաձեւեր

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.