Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան 30-րդ Ուսանողական Հաւաքը (Ֆորում) Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

July 22, 2025
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 19 յուլիս 2025-ին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին կից գտնուող «Յովնանեան հիմնադրամ»-ի շէնքի սրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 30-րդ ուսանողական հաւաքի (ֆորում) բացման արարողութիւնը:

19-31 յուլիս երկարող Համազգայինի ուսանողական հաւաքին կը մասնակցին սփիւռքի տարբեր գաղութներէ` Միացեալ Նահանգներէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Քանատայէն, Աւստրալիայէն, Ռուսիայէն, Վրաստանէն, Պրազիլէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն եւ Արցախէն 28 հայ երիտասարդներ:

Հաւաքին բացումը կատարեց ֆորումի ընդհանուր պատասխանատու Տօնիկ Տօնապետեանը, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց արդէն իսկ 30 տարիներէ ի վեր անընդմէջ գործադրուող այս ծրագիրին նպատակը, անոր ծաւալած գործունէութիւնը` յատկապէս շեշտը դնելով այս տարուան ծրագիրին վրայ, որուն մէջ յատկանշական են 30-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները, դասախօսական հարուստ օրակարգը, ինչպէս նաեւ` մշակութային բազմազան ուղղութիւնները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն տարբեր երկիրներէ հայրենիքի մէջ համախմբուած ուսանողները:

Մասնակիցները ողջունեցին եւ հերթաբար խօսքեր արտասանեցին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան  ատենապետ Զաքար Քէշիշեանը, անդամներ` Արեւիկ Գաբրիէլեանը, Տիգրան Պապիկեանը, Արտաշէս Շահբազեանը, մտաւորական Տիգրան Ճինպաշեանը, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ֆորումի հիմնադիր սերունդէն Շուշիկ Արսլանեանն ու Սեդա Սիմոնեանը, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը: Ընդհանուր գիծերու մէջ լուսարձակի տակ բերուեցան` նման հաւաքի կազմակերպման կարեւորութիւնը, Համազգայինի այս նախաձեռնութեան 30 տարիներու երթն ու կերտուած յիշատակները, ձեռք բերուած փորձառութիւններն ու ապագային եւս զայն շարունակելու հրամայականը:

Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն հաւաքին մասնակիցները ծանօթացան Համազգայինի աշխարհասփիւռ եւ բազմաճիւղ գործունէութեան:

Պաշտօնական բաժինին յաջորդեցին հաճելի պահեր` «Նուպար» ազգագրական երգ ու պարի համոյթին հետ, իսկ անկէ ետք հաւաքին մասնակիցները միացան «Սիզընզ փարք»-ի մէջ կազմակերպուած ազգագրական պարի փառատօնին` ուս ուսի պարելով ճոխ մթնոլորտի մէջ:

Կիրակի, 20 յուլիսին ֆորումին մասնակիցները այցելեցին Գառնի եւ Գեղարդ:

Նախորդը

Սարգիս Կիրակոսեանի Մահուան 10-Ամեակ. Մակագրութեան Մը Պատմութիւնը (Չվերջացող Զրոյցէ Հատուած)

Յաջորդը

ՀՅԴ Երիտասարդական – Ուսանողական 12-րդ Համահայկական Բանակումի Այցելութիւններէն Ու Առօրեայէն

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

January 28, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

January 21, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.