Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդական – Ուսանողական 12-րդ Համահայկական Բանակումի Այցելութիւններէն Ու Առօրեայէն

Յուլիս 22, 2025
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ երիտասարդական-ուսանողական 12-րդ համահայկական բանակումը Հայաստանի մէջ կը շարունակէ իր հարուստ եւ աշխուժ գործունէութիւնը:

19 յուլիսին դասախօսեց ՀՅԴ Բիւրոյի երկարամեայ ներկայացուցիչ եւ Կամաւորական շարժման նախագահ Հրանդ Մարգարեան` նիւթ ունենալով ՀՅԴ ներդրումը արցախեան երեք պատերազմներուն: Անկէ ետք բանակողները դիտեցին «Դաշնակցական կամաւորները» ժապաւէնը: Նոյն օրը կատարուած քայլարշաւին ընթացքին հետախուզական նշաններով գործելու փորձառութիւնը շահեցան, անոնք խումբերու բաժնուելով` հետեւեցան բնութեան մէջ տեղադրուած հետազօտական նշմարներուն եւ յաջողեցան հասնիլ բանակավայրէն Թեժառոյքի վանական համալիր:

Բանակումի դաստիարակչական ծրագիրը ընդգրկեց քննարկում-զրոյց` «ՀՅԴ-ի ազդեցութեան բարձրացումը եւ հզօրացման քաղաքականութիւնը Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ» նիւթով, մատուցմամբ` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեանին եւ բանակումի ընդհանուր պատասխանատու Մհեր Գարագաշեանին: Զրոյցը վարեց Մեղրի Ղուկասեան: Կատարուեցաւ նաեւ «ՀՅԴ-ի վարած քաղաքականութիւնը, Հայաստանն ու Արցախը տարածաշրջանի եւ աշխարհաքաղաքականութեան յորձանուտին մէջ» նիւթով քննարկում` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանի  եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանի: Զրոյցը վարեց Հուրի Մինոյեան:

Արցախեան օրը բանակումի յատկանշական եւ անմոռանալի օրակարգերէն մին էր:

Ամբողջ օրը երիտասարդները անցուցին Արցախի շուրջ դաստիարակչական եւ մշակութային փոխանակումներով:

Կայացաւ զեկոյց-զրոյց` «Արցախ, արցախահայութեան վերադարձի իրաւունք, Մարդու իրաւունքներ, Արցախի գերիներու հարցը, անոնց կարգավիճակն ու ազատութիւն ստանալու հնարաւորութիւնները» նիւթով: Զրոյցին սկիզբը սրտի խօսք արտասանեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան: Զրոյցին մասնակցեցան` ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատուԿիրօ Մանոյեան, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեան, Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան: Զրոյցը վարեց Գէորգ Ղուկասեան:

Դաստիարակչական ծրագիրին մաս կազմեցին նաեւ Արցախի մշակութային ժառանգութեան վերաբերեալ խմբային ներկայացումները` Շուշիի գորգերու եւ լուսանկարիչ Վլատիմիր Գէորգեանի լուսանկարներու ցուցադրութիւն, ինչպէս նաեւ` Արցախի Մշակութային ժառանգութեան յուշարձաններու իրավիճակը Արցախի բռնի հայաթափումէն ետք նիւթով զեկոյց: Բանախօսն էր Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախկին փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան:

Տաղաւարներու շրջագայութեան օրակարգը բաւական ջերմ մթնոլորտ ստեղծեց երիտասարդներուն մէջ, այնտեղ ցուցադրուած արցախեան տարբեր ոճի ու տեսակի արտադրութիւններէն իւրաքանչիւրը (սնունդ, յուշանուէր, գորգ, կարպետ, զարդեղէն եւ այլն) կը վերապատմէր արցախեան հարուստ կենցաղի ու մշակոյթի, արցախցիներու շնորհալի մատներուն եւ ստեղծագործ դաստակներուն մասին:

Արցախեան օրը գեղեցկացուցին արցախեան զանազան պարի եւ երգի խումբեր ու մենակատարներ: Մշակութային օրակարգի ծիրէն ներս հետաքրքրաշարժ եւ ընդունելութիւն գտնող օրակարգ էր նաեւ հայկական մշակոյթի կարեւոր բաղադրիչներէն` ազգային պարերու ուսուցումը, որ իրականացաւ «Կարին» պարախումբի անդամներու ներդրումով: Երիտասարդականի անդամները իմանալով պարային իւրաքանչիւր շարժման իմաստը, իւրաքանչիւր թափ ու զարկի նշանակութիւնը` առաւել մեծ սէր տածեցին դէպի հայ մշակոյթը ընդհանրապէս եւ պարարուեստը` մասնաւորապէս:

Բանակումի մասնակցողները լրացուցին ելեկտրոնային հարցախոյզ մը` «Դաշնակցական երիտասարդը եւ ազգային  խնդիրները» թեմայով:

Կիրակի, 20 յուլիսի առաւօտուն բանակողները Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ հանդիպում ունեցան Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ: Բանակողներուն անունով խօսք առին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանն ու բանակումի պատասխանատու Մհեր Գարագաշեանը:

Մ. Գարագաշեան ներկայացնելով ընդհանրապէս ՀՅԴ համահայկական բանակումներու բնոյթը` ըսաւ, որ անոնք բացառիկ առիթ կը ներկայացնեն համասփիւռ երիտասարդութեան միջեւ շփումները զարգացնելու եւ համատեղ զանազան օրակարգեր իրականացնելու: Ան նշեց, որ բանակողները` որպէս հայ եկեղեցւոյ արժանաւոր զաւակներ, եկած են ստանալու վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը:

Յովսէփ Տէր Գէորգեան յայտնեց, որ բանակումի օրերը կը զուգադիպին հայութեան եւ հայրենի աշխարհին մէջ տեղի ունեցող տագնապալից օրերուն, արտաքին վտանգներու զուգահեռ, հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ խորը պառակտման վտանգը: Ան նշեց, որ այս բանակումը համահայկական համախմբման հիանալի օրինակ է, իսկ անոր «Պիտի վերադառնանք» կարգախօսը կոչ մըն է համայն հայութեան` չհրաժարելու Արցախի ազատագրութեան պայքարէն ու վերադառնալու հոգեւոր ու ազգային իսկական արժէքներուն:

Վեհափառ հայրապետը դրուատեց` դաշնակցական երիտասարդութեան ազգասիրութիւնը, անոնց կամքն ու կորովը եւ հայրենասիրութեամբ յագեցած հոգին:

Ան իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ եւ գնահատեց ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու պատասխանատուները, որոնք տարբեր երկիրներէ հայորդիներ կը համախմբեն հայրենիքի մէջ, ինչ որ լաւագոյն առիթ է զօրացնելու անոնց ազգային-հոգեւոր նկարագիրը:

Վեհափառ հայրապետը խօսելով ազգային ինքնութիւնը անխաթար պահելու եւ հոգեւոր արժէքներով առաջնորդուելու հրամայականի մասին` ընդգծեց, որ հայրենիքի նկատմամբ անսակարկ սիրով ու ազգային նկարագրով երիտասարդն է հայրենիքի ամրութիւնը եւ ազգի յարատեւութիւնը:

Անդրադառնալով Արցախի գրաւման, հայրենազրկուած արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Ազրպէյճանի մէջ մինչ օրս պահուող հայ գերիներու վերադարձի, Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրներուն ու երկրի մէջ տիրող դժուար կացութեան` կաթողիկոսը կարեւոր նկատեց ազգային միաբանութիւնը` ի սէր հայրենիքի եւ յանուն համազգային շահերու ու առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման:

Գարեգին Բ. իր խօսքէն ետք պատասխանեց երիտասարդներուն կողմէ ուղղած հարցադրումներուն: Հայրենիքի ապրած այս ծանր օրերուն եւ Հայ եկեղեցւոյ դիմագրաւած անարգութեան տեսակէտէն աննախընթաց վարկաբեկումներու դժուար պայմաններու մէջ` դաշնակցական երիտասարդութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց ազգային եկեղեցւոյ եւ այս մէկը ամրագրեց խմբանկարով մը:

Բանակողները իրենց հոգիները համակելով ոգեղէն սնունդով` ուղղուեցան իրենց էութիւնը մարտունակութեամբ պարուրող մեր պատմութեան փառաւոր էջերէն մէկը խորհրդանշող վայրը` դէպի Սարդարապատ:

Դաշնակցական ազատատենչ արիներու սխրագործութիւնները պատմող Պռօշեան քաղաքի Զօրաց պանթէոնին մօտ տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան շարքերը մուտք գործելու երդման արարողութիւն` կնքահայրութեամբ Իկոր Սարգսեանի:

Սակայն Իկոր Սարգսեանի խօսքը միայն նորագիրներուն հետ էր, որովհետեւ ան ֆիզիքապէս արգելափակուած է ապազգային իշխանութեան մը կողմէ:

Բանակումի պատասխանատու Մ. Գարագաշեան անոր գրաւոր խօսքին հետ հաղորդեց անոր բառերու շունչն ու ոգին:

Իկոր Սարգսեան երիտասարդներուն դիմեց որպէս «Հայկեան սերունդ, պատուի եւ հայրենիքի  պատասխանատու տէրեր»:

Անհիմն զրպարտանքով ան կապանքի տակ ըլլալով հանդերձ, յայտնեց իր բերկրանքը` ի լուր աշխարհի չորս ծագերէն միատեղուած դաշնակցական երիտասարդական-ուսանողական բանակումի կազմակերպման. «Ուրախ եմ, որ ամբողջ աշխարհէն հաւաքուած էք հայրենիքի մէջ` հերթական անգամ նորոգելու հաւատարմութեան ուխտը մեր նախնիներու տան եւ նախնեաց հանդէպ»: Անդրադառնալով Հայաստանի եւ հայ ազգի փրկութեան համար Դաշնակցութեան դերակատարութեան` ան ընդգծեց. «Հայ կեանքի անվտանգութեան պատասխանատուութիւնը ժամանակի ընթացքով փոխանցուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Դաշնակցութիւնը արդէն 135 տարի պատուով կը տանի իրեն բաժին ինկած խաչը»:

Ի. Սարգսեան, որ մասնակցած է Արցախի բոլոր պատերազմներուն, իր խօսքին մէջ նշեց. «Մեր սերունդը այդ ճանապարհին ճաշակեց Արցախի ազատագրութեան յաղթանակի բերկրանքը, պատիւը, հպարտութիւնը, նաեւ` անոր ժամանակաւոր կորուստի ցաւն ու դառնութիւնը»:

Իբրեւ երէց ընկեր` ան խօսք ուղղեց շարքերը մուտք գործելու թեկնածուներուն եւ զանոնք զգաստութեան հրաւիրեց. «Այսօր դուք բարդ որոշում կը կայացնէք` «Կ՛երդնում պատուովս եւ հայրենիքովս»: Կը խնդրեմ, կանգ առէք պահ մը, խօսեցէք ձեր հոգիի եւ բանականութեան հետ եւ չխաբէք դուք ձեզ, չամչնաք, եթէ պատրաստ չէք, ոչ ըսէք: Դաշնակցական ճանապարհները փշոտ են, քարքարոտ, զրկանքներով լի: Կամք, վճռակամութիւն եւ յամառութիւն կը պահանջեն: Եթէ վճռեցիք, ձեզի կը մաղթեմ` կամք, սկզբունքայնութիւն, հաւատ եւ նուիրուածութիւն: Արժանի ըլլաք հերոս նուիրեալները ապրեցնողներու բարձր կոչման: Ուրեմն` յառա՛ջ, նահատակ ցեղի անմահներ: Բարի՛ գալուստ Դաշնակցութիւն»:

Այս յուզիչ խօսքերով 26 երիտասարդներ մուտք գործեցին ՀՅԴ-ի շարքերը:

Նախորդը

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան 30-րդ Ուսանողական Հաւաքը (Ֆորում) Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

Յաջորդը

Օլիվիա Սմիթ Միացաւ Արսենալին Պատմական Մրցանիշով

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?