Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժողովուրդ Մը, Որ Կը Լռէ

July 19, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Պետութիւն մը կարելի է կերտել` սահմաններով, բանակով, օրէնքի   գործադրութեամբ: Բայց ժողովուրդ մը գոյ կը մնայ իր ազգային արժանապատուութեամբ: Ո՛չ  իբրեւ ճառ, ո՛չ իբրեւ կարգախօս, այլ`  կենսական ուժ: «Ես կ՛ապրիմ, որովհետեւ  ինքնութիւնս զէնք է», կ՛ըսէ մարդկային արժանապատուութիւնը:

«Մոռցէ՛ք, ներեցէ՛ք, ստորագրեցէ՛ք», այս է մեր օրերու նոր հռետորաբանութիւնը: Այլապէս` քաղաքական ենթախորքով անհիմն ամբաստանութիւններ, ձերբակալութիւններ:

Բայց ո՞վ կ՛ըսէ, թէ խաղաղութեան հիմնասիւն  պիտի ծառայեն այսօրինակ տեսութիւններ:

Ո՞ւր է արդարութիւնը, երբ կը պահանջուի առյաւէտ մոռնալ Արցախի հայրենաթափ հողը: Ինքնասպանութիւն` յանուն խաղաղութեան…

Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ ցեղասպանութեան զոհ ժողովուրդի մը մորմոքը, երբ ղեկավարներ ասպետաբար կը ճառեն. «Մոռցէ՛ք Արեւմտահայաստանը, մոռցէ՛ք Արարատը, քննարկե՛նք 1915-ը…»:

Թուղթին յանձնած այս մտածումներս ո՛չ երգիծանք են, ո՛չ ամբաստանութիւն:

Յօդուածս պոռթկում մըն է հեռաւոր Քուէյթէն: Շատ հաւանաբար` ինծի նման մտածող սերունդի մը արձագանգը: Լռութեան մէջ խեղդուող անհատի մը սրտէն ազգային արժանապատուութեան կանչ:

Ինչպէ՞ս մոռնալ, երբ Արցախի գոյութիւնը կը  ժխտեն: Արցախը միայն տարածք չէր: Արաքսէն արեւմուտք Թուրքիա է կը  յայտարարեն: Երբ…

Արցախը վերջին պատուանդանն էր մեր ազգային հպարտութեան:

Աւերուած է հողը: Զաւակները` տարագրուած: «Խաղաղութեան» անիրագործելի պատրանքներով կը յուսադրեն ժողովուրդը:

Մե՛նք ենք մեղաւորը: Թշնամին մինակը չգրաւեց Արցախը: Մեղսակից ենք` մեր  լռութեամբ, ապիկարութեամբ եւ անմիաբանութեամբ…

Մեղաւոր ենք, որովհետեւ «բանակցութեան գործընկեր» կը ներկայացնենք ցեղասպանը: «Պէտք է մոռնալ պատմութիւնը, որպէսզի ապրինք ապագայով», այսօրինակ պատգամներ կ՛ուղղեն աջ ու ձախ: Ո՞ր ապագային մասին է խօսքը` առանց արմատներու, առանց պատմութեան, առանց  պատիւի եւ արժանապատուութեան: Ո՞ւր  է   մեր ազգային արժանապատուութիւնը: Ո՞ւր է  մեր կեցուածքը, եւ ե՞րբ է փրկութիւնը… Ապիկար իշխանութիւններ, անմիաբան եւ  անհեռանկար ընդդիմութիւն: Յուսախաբ է   ժողովուրդը: Փոխադարձ զիջումներու փոխարէն, միակողմնակի զիջումներ կը  կատարուին թշնամիին: Տակաւին կը լռենք,  երբ հեղինակազուրկ, հոգեպէս պարտուած ժողովուրդի վերածած են մեզ:

Արժանապատուութիւնը հռետորաբանական ճառախօսութիւն չէ:

Արժանապատուութիւնը գիտակցութեան  դրսեւորում է, գոյատեւումի երաշխիք: Անձնատուութիւնը` քայքայում…

Այո՛, պարտութիւն կրեցինք եւ կորսնցուցինք  Արցախը: Բայց փակուած չէ Արցախի հարցը: Կամք եւ ազգային արժանապատուութիւն դրսեւորելով` պիտի վերապրինք դժուարութիւնները, պիտի հետապնդենք ու  յարատեւենք: Պիտի մերժե՛նք եւ կը մերժե՛նք պարտադրուած խաղաղութիւնը, հաշտութեան դիմակներու տակ պահուած անձնատուութիւնը:

Մտահոգիչ լռութիւն: Սարսափազդու անտարբերութիւն: Ո՞ւր են մեր ղեկավարները, մեր  մտաւորականները… Հայրենիքին ապագան ինչպիսի՞ ոսպնեակով կը դիտեն արդեօք մեր այսօրուան իրատեսականներն ու   «Իրական Հայաստան»-ի  գաղափարախօսները:

Մե՛նք պիտի դառնանք փրկարարը, մե՛նք:  Պատմութիւ՛նը վկայ: Բիւրաւոր   նահատակներու արեամբ պահպանած ենք  հնարաւոր կարելին: Դժբախտաբար անմիաբանութեան ցեցը կը հիւծէ հայրենիքը, կը քայքայէ սփիւռքը: Պարտուողականութիւնը դարձուցած ենք  գաղափարախօսութիւն, վարժանք: Իրատեսութիւն կը դիտարկենք  անձնատուութիւնը…

Մենք կը հաւատանք եւ կը պահպանենք մեր արժէքները: Բացակայողը այդ կամքը  դրսեւորելու վճռակամութիւնն է դժբախտաբար: Չունինք այդ կամքն ու  հաւատքը արտայայտող ղեկավարներ:  Ղեկավարներ, որոնք աշխատանքով, համոզումով եւ վեհութեամբ վայելեն մեր  բոլորին վստահութիւնը:

Ո՞ւր են մեր ղեկավարները այսօր: Ո՞ւր ծուարած են դատարկահնչուն  ճառերով  բոլոր «չլրողներ»-ը, «չմոռցողներ»-ը, «չդաւաճանողներ»-ը: Ո՞ւր են մեր  նահատակներուն կտակին «երդուեալներ»-ը,  «հետապնդողներ»-ը: Շարժեցէ՛ք: Չուշանա՛նք: Հայկ նահապետն անգամ ահաբեկիչներու շարքին կրնայ դասուիլ շուտով, որովհետեւ «Մահ կամ ազատութիւն» կարգախօսը  արձակած էր Բէլի դէմ պատերազմի նախօրեակին: Հայոց Հայրիկը անկասկա՛ծ: «Երկաթէ  շերեփ»-ի պատգամը բաւական անհաճոյ կրնայ թուիլ մեր  իշխանութիւններուն… Հեռու չենք այն օրէն, երբ «Հայաստանի պատմութեան»    հեղինակները ահաբեկիչ դասեն մեր  ազգային հերոսները…

Արժանապատուութիւնը ո՛չ կարգախօս է, ո՛չ  ալ դիւանագիտական եզր:  Արժանապատուութիւնը անհատի ներաշխարհէն բխած դրսեւորում է:

Մեր ազգային արժանապատուութիւնը  պահպանող ղեկավարներ կը փնտռենք այսօր: Ժողովուրդին լռութեան մէջ կրակ կայ   պահուած, յիշողութիւն կայ ապրող:  Ճարահատ, լքուած եւ յուսակտուր: Վերջին ճարը` չզիջիլ ճշմարտութիւնը…

Մեր պատմութեան մէջ եղած են պահեր, երբ քաղաքական զէնքի խորհրդանիշ դարձած է  մեր ազգային յիշողութիւնը: Այսօր մոռացումը դարձած  է պետական դիրքորոշում:   Յարգանքով կ՛ոգեկոչենք բոլոր այն նուիրեալներուն յիշատակը, որոնք թէեւ պարտուեցան, բայց  պարտուեցան  պատուով: Այսօր ունինք իշխանութիւն, որ  «կը յաղթէ» միայն լռեցնելով պատմութիւնը:  Ղեկավարներ չեն այսօրուան «ղեկավարներ»-ը: Ղեկավար չէ ան, որ հայրենիքը կ՛առաջնորդէ  ստորնացող խաղաղութեան:  Ղեկավար չէ ա՛ն, որ կը մոռնայ զոհը, կ՛ուրանայ հողը եւ կը մեղադրէ սեփական ժողովուրդը: Ղեկավար չէ ա՛ն, որ հեգնելով կը  հարցնէ. «Արցախը Հայաստա՞ն է, թէ՞ ոչ…»:  Ղեկավար  չէ ա՛ն, որ դուրսէն տրուող ազդանշաններու տակ հայոց պետականութիւնը եւ ինքնութիւնը կը  քայքայէ…Մենք կը հարցնենք մեր ապաշնորհ  «ղեկավար»-ին` ծանօ՞թ է արդեօք մեր  պատմութեան: Ծանօ՞թ է հայ ժողովուրդի  պատմութեան: Ծանօ՞թ է Անդրանիկին,  Արամին, Փարամազին, Ժիրայրին եւ Մուրատին, Աղասիին եւ Հրայր Դժոխքին,  Թեհլիրեանին, Սիամանթոյին եւ Վարուժանին… Երկար է շարքը: Ծանօ՞թ է այն բիւրաւոր ղեկավարներուն, ֆետայիներուն, որոնք ինկան մեր ժողովուրդին նուազագոյն  իրաւունքները հետապնդելու ճանապարհին վրայ: Մարդիկ, որոնք պայքարեցան յանուն  մեր ազգային արժանապատուութեան: Պայքարեցան, որպէսզի սերունդներ ապրին…

«Մոռցէ՛ք». Կը հրահանգեն մեզի: «Ներեցէ՛ք, եթէ կ՛ուզէք ապագայ». կը մարգարէանան:  Բայց ո՞ր ապագան: Ապագայ` առանց  արմատներու եւ անցեալի, առանցարդարութեան, առանց  պատասխանատուութեան: Ալ ո՞ւր կը մնայ մեր ազգային արժանապատուութիւնը, այն  օրհնանքը, որ մեզ պահպանած է իբրեւ  ժողովուրդ, այլ` ո՛չ ամբոխ: Մոռնալ այս  բոլորը` կը նշանակէ ժխտել ինքնութիւնը: Ներել ու ուրանալ առանց ճշմարտութեան` կը   նշանակէ սպաննել մեր արժանապատուութիւնը:

Լռութիւնը եւ ուրացումը հոգեվարքի ազդանշան է… Տակաւ չստորանանք «խաղաղ ապագայ»-ի անիրատես պատրանքներուն առջեւ:

Հինգ հազար տարուան պատմութեամբ  հարստացած ժողովուրդ մը չի կրնար մոմով, լռութեամբ եւ անտարբեր աչքերով դիտել այս  գահավէժը:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (19 Յուլիս 2025)

Յաջորդը

Մշակոյթի Նախարար Ղասսան Սալամէի «Լիբանանը Կեդրոն Ինքնութեան Եւ Շրջանի Կերպարանափոխութիւնը» Նիւթով Դասախօսութիւն

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.