Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

July 12, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զ. Թ.

Պարզ ու մեկին` ԼԱ-ՓԵ-ՑԻ Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր տունը» հատորը: Քանի մը օր առաջ էր, երբ հասաւ գիրքը` իր «տուն»-էն եւ վերջերս «տրոնամոյն» Պէյրութէն: Գիտէի, թէ մէյ մը որ սկսիմ, պիտի չուզեմ ընդհատել, այդպէս ալ եղաւ:

Ստանալէս երկու-երեք օր ետք, կէսօրէ ետք մը ընթերցմանս մեկնարկը տուի եւ քանի մը ժամէն, միեւնոյն օրն իսկ աւարտեցի: Յաւելեալ մանրամասնութիւններ չարձանագրեմ, թէ ինչպէ՛ս լափեցի:

Սովորութիւնս է, որ հատոր մը ընթերցելու պահուն մատիտով մը օժտուիմ եւ կարեւոր ու յիշատակելի նախադասութիւններ, ասացուածքներ կամ ներկայացուած տեսարաններ ընդգծեմ: Սեդային գիրքին պարագային ալ «զինուած» էի այդ մատիտով, սակայն քանի մը էջ ետք ի յայտ եկաւ, որ բազմիցս մատիտի տաշելիքի կարիք պիտի ունենայի, կամ ալ գիրքը, սկիզբէն մինչեւ վերջին էջը, պէտք էր ամբողջովին ընդգծէի:

Այո՛, ընդգծուելիք տողերը շատ էին` սկսելով առաջին էջերէն, ուր տեղ գտած է ամերիկացի հանրածանօթ վիպագիր Ուիլիըմ Ֆոքնըրի (1897-1962) մէկ տպաւորիչ խօսքը «Անցեալը երբեք մեռած չէ: Նոյնիսկ անցեալ չէ» (The past is never dead. It’s not even past):

Ֆոքնըրի կիզակէտն էր Միացեալ Նահանգներու հեռաւոր հարաւը` իր անցեալի խորհրդաւոր պատմութիւններով: Սեդա Մարկոսեանի «Մեր տուն»-ը Պուրճ Համուտի Նոր Թոմարզա թաղամասի մէկ սեղմ պատմութիւնն է:

Հաճելի եւ յիշատակելի դրուագներ այնպիսի մանրամասնութիւններով եւ բծախնդրութեամբ ներկայացուած են, որ ընթերցողը ունկնդիրի եւ ակնդիրի կը վերածուի: Տողերն ու էջերը յար եւ նման են նկարներու շարքի մը` «ֆոթոքոլաժ»-ի մը, նպարավաճառին մօտ կատարուած զրոյցէն` մինչեւ թուղթ խաղալու պահուն հնչող երգերը: Մանր գլուխ գործոց մըն է այն դրուագը, երբ մատղաշ պարման-պարմանուհիներ գեղեցիկ մտայղացումը կ՛ունենան թաղին մէջ իրենց կազմակերպած տարեվերջի հանդէսի գոյացած գումարով ոչխար մը գնելու եւ փոխադրակառքով ուղղուելու Ճիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ը` իբրեւ մատաղ նուիրելու տեղւոյն որբերուն, որոնք հազիւ ամիս մը առաջ կրկին որբացած էին Մարիա «Մամա» Ճեքըպսընի մահուան պատճառով:

Ճիպէյլի ճամբան բռնած, բուրումնաւէտ նարնջենիներու անծայրածիր պարտէզները կտրող փոխադրակառքին մէջ պատահած անցուդարձերն ու ստեղծուած մթնոլորտը մեծ չափով յար եւ նման են Լիբանանի չաստուածուհիներէն` երգչուհի Ֆէյրուզի «Ալ- պոսթա» երգին պատահարներուն («Փոխադրակառքը», յօրինուած երգչուհիի զաւակին` Զիատ Ռահպանիի կողմէ եւ առաջին անգամ երգուած` վաղաժամ մահացած Ժոզէֆ Սաքրի կողմէ):

Այդ երգին պատմածին նման` հեզ եւ համեստ են ճամբորդները, որոնց կարգին` ամէնէն ետեւը, Թոմարզայի փոքրիկներու միութեան անդամներն ու իրենց անմեղ ոչխարը, որ չի գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ընէ, եւ անակնկալ փռնգտոցով մը կը սարսափեցնէ ճամբորդ ոստիկան մը:

Առատօրէն օգտագործուած է բարբառ եւ տեղւոյն վրայ գործածուած խօսակցութիւն, ժողովրդական բառեր, որոնք յաւելեալ համեմ կը բերեն գիրքին, օրինակ` «մարդ-մարդասպան չկար» (այսինքն մարդ-մարդասանք չկար), եահո, ակա, եաւրում, տոնտուրմա (պաղպաղակ):

Պատումները յաճախ կը ներկայանան` առանց զգացական ապրումներ արտայայտող երկար, պաղ եւ միապաղաղ նախադասութիւններու: Կը կրկնեմ. հմտութեամբ եւ մեծ խնամքով հիւսուած տեսարաններ են, որոնք կը յիշեցնեն Իտալիոյ «Չինեչիթա»-ի կարգ մը իրապաշտ ժապաւէնները, յատկապէս` իր մանկութեան օրերը նկարագրած Ֆետերիքօ Ֆելլինիի (Federico Fellini)  «Ամարքորտ»-ը (Amarcord), կամ Ճուզեփէ Թորնաթորէի (Giuseppe Tornatore) «Չինեմա փարատիզօ»-ն (Cinema Paradiso):

Որոշ չափով գերիրապաշտ են Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի մանկութեան յուշերը, բոլորովին տարբեր` Գրիգոր Պըլըտեանի կոթողական «Յակոբները» գործէն (ուր կան Հայաշէնէն քաղուած յուշեր) :

«Ո՞վ է վախցողը Վիրճինիա Ուոլֆէն»` մինչեւ Պիքֆայայի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը… Վարուժան Խտըշեան բեմադրիչը վաղուց ծանօթ էր ինծի, նաեւ` Զաւէն Խտըշեան քանդակագործը: Ծանօթ էի նաեւ այս հեղինակին հրապարակագրական սիւնակներուն, բայց չէի գիտէր, թէ ամենայն հաւատքով Հայ օգնութեան միութեան ծառայած` վիպագիր Խտըշեան մըն ալ հռչակ պիտի սփռէ: Պատումներու շղթայով մը ներկայացող այս հատորը վկայութիւն է այս իրականութեան:

Առիթ պիտի ստեղծեմ եւ կրկին պիտի կարդամ, ըսել կ՛ուզեմ` դիտեմ այս յոյզեր եւ ապրումներ յառաջացնող «ժապաւէնը», որ քանի մը ժամ առիթ ընծայեց մոռնալու եւ հեռու մնալու, բառին ամենապարզ իմաստով,  պարտուած, թշուառ ու անտէր հայորդիի ներկայ օրերու իրավիճակէն:

Պոսթըն – Մասաչուսեց

 

Նախորդը

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յաջորդը

Թենիս. Անիսիմովա Անակնկալի Բերաւ Սապալենքան. Շվիանթեք Հասաւ Աւարտական

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.