Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ժամանակացոյցի Եւ Ժամկէտի Խնդիրը

July 10, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զէնքի միաւորման օրակարգը կը թուի առաջնային ըլլալ Լիբանանի մէջ: Այս հանգուցալուծումէն կախեալ է նոր վարչակարգի կայացումը եւ արտաքին օժանդակութիւններով երկրին վերականգնումը: Այս համոզումը կը փոխանցուի թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին մակարդակներու վրայ, խաղաղութեան եւ ապա բարգաւաճման հասնելու համար:

Այս շրջածիրին մէջ արծարծուող նիւթը Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակին պաշտօնական Պէյրութին յանձնած գրաւոր առաջարկութիւններն են եւ անոր հետեւող Լիբանանի պատասխանը:

Լիբանանի պատասխանին համար կան առարկութիւններ, որոնք կը վերաբերին անոր իրաւականութեան` կառավարութենէն կամ համապատասխան գերատեսչութիւններէն չանցած ըլլալու նշումով:

Յամենայն դէպս կայ գրաւոր առաջարկ եւ կայ պատասխան, որոնք պաշտօնապէս չեն հրապարակուած: Սակայն շրջանառութեան մէջ են գաղտնազերծուած կէտեր, որոնք կ՛արծարծուին թէ՛ պետական եւ թէ՛ հասարակական ու տեղեկատուական շրջանակներուն մէջ:

Այսպէս: Թրքական «Անատոլու»-ն առաջին անգամը «գաղտնազերծեց» ամերիկեան առաջարկին հիմնական բաժինները: Այստեղ կրնայ դեր ունեցած ըլլալ Պարրաքին Միացեալ Նահանգներու դեսպան ըլլալը Թուրքիոյ մէջ: Ըստ «Անատոլու»-ին, առաջարկը կը բաղկանայ հինգ էջերէ եւ գործադրութեան ժամկէտ չի պարունակեր: Առաջին վերնագիրը զինաթափումն է եւ զէնքը լիբանանեան պետութեան մենաշնորհը դարձնելը, երկրորդը` ելեւմտական եւ տնտեսական բարեկարգումները կատարելը, սահմանները վերահսկողութեան տակ առնելն ու մաքսանենգումը արգիլելը, ինչպէս նաեւ պետական անցակէտերու վրայ մաքսատուրքերը աւելցնելն ու միջոցառումները խստացնելն է:

«Երրորդ վերնագիրը դրացի Սուրիոյ հետ ապահովական եւ քաղաքական տարբեր մակարդակներու վրայ յարաբերութիւնները վերականգնելն է, սահմանները վերահսկողութեան տակ առնելը, ինչպէս նաեւ սահմանագծում կատարելն ու առեւտրական ու տնտեսական յարաբերութիւնները ամրապնդելը»:

Ի՞նչ է դիտարժանը այս կէտերուն մէջ: Ժամկէտ չճշդելը բանակցութիւններու դուռ կը բանայ: Ասոնք բանակցելի կէտեր են, յատկապէս անոնց կիրարկման եղանակներու վերաբերող հարցերով: Սահմաններու վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու գործիքակազմերը այս բոլորին մէջ շատ պարզ չեն եւ չեն ճշդեր Միացեալ Նահանգներու դերը: Անորոշ են  նաեւ մաքսատուրքերը աւելցնելու ամերիկեան պահանջին շարժառիթները: Զինայանձնումին հիմնական օրակարգը իբրեւ երրորդ կէտ  այստեղ կը պայմանաւորուի Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու վերականգնումով, Սուրիոյ հետ սահմաններու վերահսկողութեամբ եւ սահմանագծումով եւ այս բոլորին առընթեր կամ ետք` առեւտրատնտեսական կապերու ամրապնդումով:

Խօսքը նոր Սուրիոյ մասին է անշուշտ, եւ այս պարագային պէտք է ընկալել Իսրայէլի հետ դէպի յարաբերութիւններու բնականոնացում  եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում ընթացող Դամասկոսին: Սուրիան ամերիկեան ազդեցութեան տարածքի վերափոխուող տարածք է այլեւս, որուն հետ Լիբանանը պիտի ունենայ սահմանագծում եւ առեւտրատնտեսական զարգացող յարաբերութիւններ:

Այս կը յուշէ, որ Սուրիայէն ետք հերթը Լիբանանին է` այս անգամ իր հարաւի երկրին հետ սահմանագծում կատարելու, որուն հետ ծովային սահմանագծումը կատարուեցաւ ամերիկացիներու մագոգային եւ աշխուժ միջնորդութեամբ:

Լիբանանի պատասխանը, ըստ յայտարարուածներուն, կը բաղկանայ 10 կէտէ: Անոնց մէջ կան Լիբանանի յանձնառութիւնը կառչած մնալու Թաէֆի համաձայնագիրին եւ 1701-ի գործադրութեան: Նաեւ գրաւուած տարածքներէն Իսրայէլի հեռացման եւ պատանդներու վերադարձի պահանջներուն: Սուրիոյ բաժինը, որ 7-րդ կէտն է, հետեւեալ կերպով ձեւակերպուած է. Լիբանան կոչ կ՛ուղղէ արաբական հովանաւորութեան` Լիբանան-Սուրիա յարաբերութիւններու երթին, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ սուրիացի տեղահանուածներու անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձը եւ կը շեշտէ Լիբանան-Սուրիա սահմանի վերահսկողութեան կարեւորութիւնը:

Արաբական հովանաւորութիւնը կը թուի, որ պաշտպանուածութեան տանիք է, շրջանցելու համար այլ հաւանական հովանաւորութիւն մը: Նախ եւ առաջ կը շեշտէ սուրիացի տեղահանուածներուն վերադարձի հարցը:

Անհրաժեշտ է կեդրոնանալ նաեւ ամերիկացի պատուիրակին յայտարարութեան հետեւեալ բաժինին վրայ: Լիբանան ստիպուած չէ որեւէ ժամանակացոյցով սահմանափակուելու, մանաւանդ որ իր իրագործել ուզածին շուրջ տարազ մը կ՛ուզէ, եւ մենք հոս ենք օգնելու համար: Լիբանանի մէջ խնդիրը Իրանը չէ, այլ լիբանանցիներուն իրարու հետ համաձայնելու անկարողութիւնը:

Ժամկէտ չպարտադրելը, ինչպէս ըսինք, բանակցային գործընթացի դուռ բանալն է: Իրանը այս հանգոյցէն դուրս ձգելը միաժամանակ թէ՛ դրական եւ թէ՛ բացասական ենթաիմաստ կը պարունակէ: Իրանը չէ արգելակողը. խնդիրը ներլիբանանեան է: Սակայն զինայանձնումի որոշումը պարզ է, որ Իրանի հետ պէտք է համաձայնեցնել:

Չճշդուած ժամկէտը կը պայմանաւորուի ըստ էութեան Ուաշինկթըն-Թեհրան բանակցութիւններուն հետ, որոնց 6-րդ փուլի վերագործարկման մասին յայտարարութիւն հնչած է:

«Ա.»

Նախորդը

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում

Յաջորդը

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.