Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ես Հետամուտ Պիտի Ըլլամ, Որ Ցեղասպանութիւններու Մասին Նոր Օրինագիծ Ներկայացուի» Կը Գրէ Հոլանտ

May 10, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ընտրութիւններէն քանի մը օր առաջ` 2 մայիսին, նամակ յղած է թրքական «Անատոլու» մշակութային կեդրոնի նախագահին եւ Ֆրանս-թրքական ընկերակցութեան համակարգող կոմիտէի պաշտօնական ներկայացուցիչ Տեմիր Էօնկերին, որ ծանօթ է իբրեւ յայտնի մերժողական: Հոլլանտ անգամ մը եւս վերահաստատած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրէնքի որդեգրման նկատմամբ իր յանձնառութիւնը:

Ան իր նամակին մէջ գրած է. «Ես երախտապարտ եմ ձեզի, որ դուք ուշադրութիւնս հրաւիրեցիք այսպէս կոչուած յուշային օրէնքներու բարդ խնդիրին: Ընկերվարական կուսակցութիւնը ցեղասպանութիւններու մասին օրէնքի որդեգրման ակունքներուն մէջ է: Ես անձամբ կողմ քուէարկած եմ այդ օրինագիծին: Վերջերս ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած օրէնքը իրականութեան մէջ որեւէ յատուկ ցեղասպանութիւն չի մատնանշեր, անոր նպատակը քրէական պատասխանատուութեան  ենթարկելն է այն անձերը, որոնք կը վիճարկեն կամ կը նուազեցնեն ցեղասպանութեան յանցանքը: Ատիկա բացառապէս քրէական օրէնք է, որ որեւէ պետութիւն կամ ժողովուրդ անմիջականօրէն թիրախ չի դարձներ, սակայն կը նշէ, որ Ֆրանսայի մէջ կարելի չէ ոչ միատեսակ վերաբերմունք ունենալ տարբեր ցեղասպանութիւններու նկատմամբ, որոնք ճանչցուած են: Այսպիսով, օրէնսդիրը ոչ մէկ ձեւով կը միջամտէ պատմութեան ոլորտին մէջ:

«Այդ բարդ հարցը Հայաստանի հետ պատահած դէպքէն աւելի լայն է: Անիկա մեր երեսփոխաններու շրջանակին մէջ քննարկումներ յառաջացուցած է ամէն անգամ, երբ կը մեղադրուի երեք ժողովուրդ, որովհետեւ անիկա օրէնսդիրին վրայ պատասխանատուութիւն կը դնէ պատմութեան վերաբերեալ անոր քննարկումներուն մէջ: Սակայն վստահ եղէք, ընկերվարականները, ինչպէս նաեւ ես ֆրանսական-թրքական բարեկամութեան կողմնակից ենք:

«Ֆրանսան հաւատարիմ ըլլալով իր հանրապետական աւանդութիւններուն, իմ կարծիքովս, պէտք է ուշադիր ըլլայ ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութեան խրախուսման ջանքերուն նկատմամբ: Սահմանադրական խորհուրդը մերժեց օրէնքը: Ես հետամուտ պիտի ըլլամ, որպէսզի առաջարկուի մեր սահմանադրութեան համապատասխանող նոր օրինագիծ մը:

«2004-էն իմ դիրքորոշումս այդ հարցին վերաբերեալ չէ փոխուած: Եւրոպան, համաձայնելով Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւններուն, հաւատարիմ կը մնայ իր էութեան` միաւորել տարբեր ժողովուրդներ, մշակոյթներ եւ եկեղեցիներ: Եթէ Թուրքիա կը փորձէ միանալ, թող ցոյց տայ արդիականացման իր կողմնակցութիւնը»:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛Ողջունէ Շուշիի Ազատագրութեան 20-Ամեակը

Յաջորդը

Իր Գնահատականը Ներկայացնելով Ընտրութիւններուն ՀՅԴ Իր Հաստատակամութիւնը Յայտնեց Իր Նպատակներուն Նկատմամբ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.