Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛Ողջունէ Շուշիի Ազատագրութեան 20-Ամեակը

May 10, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան շուրջ երկու շաբաթներ առաջ անձնապէս հեռաձայնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ զինք հրաւիրեց մասնակից դառնալու Շուշիի ազատագրութեան 20ամեակի հանդիսութիւններուն: Նկատի ունենալով, որ ճիշդ այդ օրերուն վեհափառը, նախապէս ճշդուած ժամանակացոյցի մը համաձայն, պիտի կատարէր Ապու Տապիի մէջ նոր եկեղեցւոյ հիմնարկէքը եւ ապա հովուապետական այցելութիւն պիտի տար Իրանի երեք թեմերուն, այս առիթով ան Թեհրանէն յատուկ նամակ մը յղեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին:

Ստորեւ` վեհափառի նամակին պատճէնը.

Նորին Վսեմութիւն
Տիար Բակօ Սահակեան
Նախագահ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան
Ստեփանակերտ

Սիրելի՛ պրն. նախագահ,

Այսօր, չորեքշաբթի, 9 մայիսին, Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակին առիթով, հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ՛ողջունենք Ձեզ, ինչպէս նաեւ` Ղարաբաղի մեր ազատատենչ ժողովուրդը:

Այսօր յաղթանակի օր է. յաղթանակի օր` ո՛չ միայն Ղարաբաղի հայութեան, այլ նաեւ ամբողջ հայութեան համար: Շուշիի ազատագրումը վճռադրոշմ դէպք մըն էր հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ: Շուշիի ազատագրումով հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս փաստեց, թէ ինք տէ՛րն է իր իրաւունքներուն, եւ ի պահանջել հարկին` Վարդանանց ու Ղեւոնդեանց հաւատքին զօրութեամբ ու կամքին վճռակամութեամբ պատրաստ է «իմացեալ մահ»-ով իր իրաւունքներուն վերատիրանալու եւ իր անկախութիւնը վերահաստատելու: Ա՛յս է խորհուրդն ու պատգամը Շուշիի ազատագրութեան:

Արդարեւ, յաղթանակները ձեռք կը ձգուին հերոսներու հաւատքով ու արիւնով: Այսպէ՛ս եղաւ նաեւ Շուշիի ազատագրումը: Մեր քաջարի տղաքը իրենց արեան վկայութեամբ կերտեցին Շուշիի յաղթանակը: Հետեւաբար, այսօր երբ կը տօնենք Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակը, պէտք է խոր յարգանքով յիշենք մեր բոլոր հերոսները, որոնք ինկան ազատագրութեան ճանապարհին վրայ: Այսօր պէտք է նաեւ մեր համազգային յարգանքը ընծայենք այն բոլոր հերոսներուն, որոնք իրենց ամբողջական ու նուիրեալ մասնակցութիւնը բերին Շուշիի ազատագրումին:

Շուշիի ազատագրումը վճռական հանգրուան մըն է մեր ժողովուրդի ազատագրական պայքարի երկար ճանապարհին վրայ: Պայքարը կը շարունակուի ու պէ՛տք է շարունակուի վերանորոգ հաւատքով ու ամուր կամքով: Ղարաբաղի հզօրացումը համազգային առաջնահերթութիւն է: Անհրաժեշտ է արեան գնով ձեռք ձգուած նուաճումները պահել ու պաշտպանել` ի խնդիր նոր յաղթանակներու կերտման:

Սիրելի՛ պրն. նախագահ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ղարաբաղեան պայքարի առաջին իսկ օրէն իր ամբողջական զօրակցութիւնը արտայայտեց: Վստահ եղէք, որ այսօր նո՛յն յանձնառութեամբ մեր սուրբ աթոռը, իր թեմակալ առաջնորդներով, ազգային իշխանութիւններով ու ժողովուրդով Ղարաբաղին հետ է` բառին ամբողջական իմաստով:

Կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ միշտ պահպանէ ու պաշտպանէ Ղարաբաղը` իր պետութեամբ ու ժողովուրդով:

Աղօթարար`

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Նախորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Լուծման Հարցին Մէջ Շօշափելի Արդիւնքներու Կարելի Է Հասնիլ Արդէն Այս Տարի» Կ՛Ըսէ ԵԱՀԿ-ի Նախագահի Ներկայացուցիչը

Յաջորդը

«Ես Հետամուտ Պիտի Ըլլամ, Որ Ցեղասպանութիւններու Մասին Նոր Օրինագիծ Ներկայացուի» Կը Գրէ Հոլանտ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.