Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Քապալան. «Պետութիւնը Դատապարտելի Է, Թերացած Է, Եւ Լիբանանի Վիզը Ոչ Ոքի Պիտի Յանձնենք»

June 30, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան յայտնեց, որ բոլորը անակնկալի մատնուեցան, որ Իսրայէլ ազատօրէն կը գործէ «առանց գոյութիւն չունեցող պետութեան կողմէ որեւէ համեմատական պատասխանի, ուստի պահանջուածը պետութեան իր ժողովուրդը եւ գերիշխանութիւնը մասնաւորաբար գետի (Լիթանիի, «Ա.») հարաւին մէջ պաշտպանելու կարողութիւնը փաստելն է, ինչ որ բացառուած է, բացի եթէ հարաւային Լիբանանը, Պեքան եւ Հարաւային արուարձանները եւ անոնց բնակիչները Լիբանանի մաս չեն կազմեր»:

«Պետութիւնը այս առումով դատապարտելի է եւ շատ թերացած, իր ժողովուրդը դիտաւորեալ կերպով կը պատժէ տողատակի պնդումով, այլ նաեւ կասկածելի դիրքորոշումներու մէջ կը խեղդուի», շեշտեց շէյխ Քապալան:

«Ինքզինք Լիթանի գետին հարաւը իբրեւ գերիշխանական ուժ եւ ապահովութեան երաշխաւոր փաստելու պարտականութիւնը ստանձնած պետութիւնը արդարացում չունի, եւ ահա իսրայէլացին, որ Դիմադրութենէն դառն պարտութիւն կրեց, կը տարածուի առաջնագիծի գիւղերուն երկայնքին անոնց ետին, գերիշխանութենէ եւ որոշումի կամքէ զուրկ պետութեան աչքին առջեւ պայթեցնելով տուներ եւ գիւղեր», շեշտեց շէյխ Քապալան:

«Լիբանանն ու հարաւի բնակչութիւնը ոչ ոքի համար նուէր են, եւ Դիմադրութիւնը, որ տասնամեակներ շարունակ վերատիրացաւ Լիբանանին, պիտի չընդունի, որ ծախուի», ըսաւ ան` նշելով. «Լիբանանեան օրինականութիւնը սկսաւ Դիմադրութեան զէնքէն, որ Լիբանանը ազատագրեց, եւ 6 փետրուարի ըմբոստութենէն ու ազգային կարողութենէն, որուն ղեկավարումը կատարեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի` փրկելու համար լիբանանեան պետութիւնը անոր խորքը հարուածող ամէնէն վտանգաւոր սիոնականութենէն, եւ ոչ թէ մէկը, որ չի գիտեր, թէ հարաւի մէջ, Լիբանանի վերեւ եւ Հարաւային արուարձաններու եւ Պեքայի մէջ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ, բացի եթէ գիտէ եւ հոգը չէ»:

«Երկրին մէջ տեղեկատուութեան խաղը նման է խոր Մոսատի, որ Դիմադրութեան ու անոր համակիրներուն գլուխը կ՛ուզէ եւ աչքը դրած է հարաւային Լիբանանի, Պեքայի եւ Հարաւային արուարձաններուն վրայ, իսկ քաղաքական ու տեղեկատուական սպրդումները պատերազմի նման են», յայտնեց Ժաաֆարականներու միւֆթին:

Շէյխ Քապալան յորդորեց. «Մի՛ փորձէք գերիշխանական ձախողութեան կրակը պենզինով մարել, եւ ամբողջ համայնքի մը դէմ մղուող պատերազմը Լիբանանի քանդումը կը նշանակէ: Առ որ անկ է կ՛ըսեմ. «Լիբանանի վիզը ոչ ոքի պիտի յանձնենք, եւ ան, որ անվտանգութեամբ եւ գերիշխանութեամբ հետաքրքրուած է, իր վիզը Ուաշինկթընի եւ անոր ետին կանգնող Իսրայէլի ձեռքը չի տար»:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Քումաթի. «Պիտի Չարտօնենք, Որ Լիբանան Առանց Ուժի, Առանց Ինքզինք Պաշտպանելու Կարողութեան Մնայ»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.