Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեւոն Միսիրեանի Յիշատակին

June 28, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Լիբանանահայ գաղութի կեանքին մէջ մի՛շտ ալ գտնուած են անձեր, որոնց գործն ու ներդրումը մնացած է շուքի մէջ, եւ յետմահու իրենց հարազատներու կամ ծանօթներու արտայայտած յուշերու ճամբով ի յայտ եկած է անոնց օրինակելի ներդրումն ու վաստակը:

Այդ տիպարներէն մէկն է Լեւոն Միսիրեան, որ ծնած էր Պէյրութ, 1934-ին: Ազգասէր, եկեղեցասէր ու բազմանդամ ընտանիքի հայր մը, որ իր սերունդը յատկանշող ջանասիրութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ կերտած է ինքզինք ու դարձած է նաեւ իր ասպարէզին մէջ, սկիզբը` իբրեւ հմուտ արհեստաւոր, գործատէր, յաջողած անձնաւորութիւն մը:

Փոլիկարպոս շրջանին մէջ իր գործարանին կողքի «քեմփ»-ի բնակիչները պիտի վկայեն անոր բարեսրտութիւնը, բարեգործութիւնը եւ հոգատարութիւնը` իրենց նկատմամբ: Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ զաւակ` իր եկեղեցասիրութիւնն ու այդ ճամբով նաեւ իր ցուցաբերած օգնութիւնները նոյնպէս հարազատ ցուցանիշ են անոր նկարագրին:

Լեւոն Միսիրեան պարտաւորուած է կանուխ տարիքին լքելու ուսումը եւ ստանձնելու ընտանեկան պատասխանատուութեան լուծը, տրուած ըլլալով, որ հայրը կանուխ մահացած է: Սակայն այս իրողութիւնը երբեք չէ արգելակած ինքնաշխատութեան ճամբով գրաճանաչ դառնալու անոր հաստատակամ որոշումը:

Իր հարազատները կը վկայեն, որ ամէն առտու «Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերը անպակաս եղած են իր աշխատանքային գրասեղանին վրայ, եւ ան մօտէն հետեւած է համայնքի ու ընդհանրապէս հայութեան անցած երթին:

Վերջին շրջանին, երբ այլեւս հանգստեան կոչուած էր, կրնամ վկայել, որ իր զաւակը`  Յարութը, մի՛շտ ալ կը հանդիպէր Համազգայինի գրախանութ եւ քանի մը գիրք կը տանէր հօրը` ընթերցանութեան համար: Ընթերցանութեան հանդէպ անոր տածած սէրն ու հետաքրքրութիւնը կը մնան օրինակելի:

Քառասուն օրեր առաջ Լեւոն Միսիրեան` համեստ ու ազնուական հայորդի մը, հրաժեշտ տուաւ կեանքին, եւ թող այս քանի մը տողերը` իբրեւ համեստ ծաղկեփունջ, հանգչին անոր շիրիմին վրայ:

 

 

Նախորդը

Եդուարդ Աւագ Սարկաւագ Դաւիթեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Քալիֆորնիոյ Համալսարանը Կը Պատրաստէ Հայոց Ցեղասպանութեան Օրերուն Թուրքիոյ Կողմէ Բռնագրաւուած Հայկական Ունեցուածքի Ցանկը

RelatedPosts

Հայկազեան Համալսարանը Կը Գուժէ Վաստակաշատ Կրթական Մշակ Դոկտ. Սոնա Մ. Ճէրէճեանի Մահը
Անդրադարձ

Իսկական Ղեկավարի Տիպարը` Սոնա Ճէրէճեան

September 26, 2026
Թանթ Մարոյին  (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)
Անդրադարձ

Թանթ Մարոյին (Մարօ Մինասեանի Յիշատակին)

September 26, 2026
Տեսիլքի Եւ Առաքելութեան Հովիւ Վեր. Մովսէս Ճանպազեանի Յիշատակին
Անդրադարձ

Յարգանքի Տուրք՝ Վերապատուելի Մովսէս Պ. Ճանպազեանի Վախճանման 26-Ամեակին Առիթով

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.