Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գոհաբանական Աղօթքի Երեկոյ Եւ Թափօր-Ջահերթ` Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Նահատակութեան 110-րդ Տարելիցին Առիթով

June 20, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան եւ կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, չորեքշաբթի, 11 յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, գոհաբանական աղօթքի երեկոյ եւ հանդիսաւոր թափօր-ջահերթ կատարուեցաւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի «ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ»  նահատակութեան 110-րդ տարելիցին առիթով:

Աղօթքի երեկոն սկիզբ առաւ տեղւոյն ժողովրդապետ  Սահակ վրդ. Քէշիշեանի ողջոյնի խօսքով, որուն մէջ ան խնդրեց իր հօտէն, անդադար Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի բարեխօսութիւնը խնդրել: Տէրունական աղօթքէն ետք Զմմառու մայրավանքի փոխմեծաւոր Նարեկ վրդ. Լուիսեան գոհաբանական աղօթք բարձրացուց առ Աստուած եւ ս. հաղորդութեան սրբալոյս Ճաճանչով օրհնեց ներկաները: Ապա ցուցադրուեցաւ Զմմառու ժառանգաւորներուն կողմէ պատրաստուած Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի վարքը ներկայացնող տեսերիզ մը:

Օրուան պատգամը յղեց Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու մայրավանքի մեծաւոր Մաշտոց թ. ծ. վրդ. Զահթէրեան, որ ներկայացուց Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի կոչման, քահանայութեան, նահատակութեան եւ սրբութեան կարեւոր փուլերը: Ան ըսաւ. «Մալոյեան արքեպիսկոպոս` ի տես ընդվզող հօտի սանձազերծմանը, ճիգերու գերագոյն լարումով փորձեց կանխել խլրտումները, որոնք արիւնահեղութեամբ կրնային աւարտիլ: Ան թրքական հակամարտութեան  բռնկումը մեղմելու միտումով բանակցութիւններ վարեց իշխանութեան հետ եւ որպէս խաղաղարար` թրքական կառավարութեան կողմէ պարգեւատրուեցաւ»: Ան դիտել տուաւ, որ աակայն այդ մէկը երբեք ուրախութեան առիթ չհանդիսացաւ արքեպիսկոպոսին, ան քաջատեղեակ էր Օսմանեան կայսրութեան ծրագիրին եւ այդ Գողգոթայի ճանապարհը ինք եւս իր վառ օրինակին` Յիսուս Քրիստոսի հետ քալեց»: Զմմառու մեծաւորը աւելցուց. «Այս բոլոր նախադրեալները հայ հոգեւորականը փորձեց զսպել եւ իր հօտը հեռու պահել սպանդէն, սակայն թրքական ծրագրին դէմ ի զուր էին արքեպիսկոպոսի ջանքերը: Անոնք ոչ միայն չանսացին առաջնորդին միջամտութեանը, այլեւ զինք եւս ամբաստանեցին կայսրութեան դէմ յեղափոխելու մեղադրանքով, որուն հետեւանքը եղաւ Մալոյեանի ողբերգական նահատակութիւնը»: Գերապայծառը աւարտեց իր պատգամը` ըսելով. «Ան իր նահատակութենէն 110 տարիներ ետք վերընձիւղեց իր այնքան սիրած ժողովուրդն ու փայփայած Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը»:

Շնորհք խնդրելու աղօթքէն ետք, բոլորը միասնաբար թափօրով շրջեցան Պուրճ Համուտի թաղերը` վերադառնալով Մեսրոպեան վարժարան, ուր Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբապատկերով օրհնութիւն կատարուեցաւ, եւ անոր ձեռաց խաչին ու շուրջառի մասունքի համբոյր տրուեցաւ:

Թափօրը ջահերթով առաջնորդեցին` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, Սուրբ Մեսրոպի արիներն ու ՀԿՄ-ի երիտասարդականը:

Նախորդը

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յաջորդը

Իւղանկարիչ Զոհրապ Քէշիշեանի Կտաւները Նուիրուեցան Զմմառու Մայրավանքին

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.