Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճեննարօ Կաթուզօ` Իտալիոյ Մարզիչ

June 19, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իտալիոյ նախկին «կարծր» միջնապահ Ճեննարօ Կաթուզօ անցեալ կիրակի նշանակուեցաւ Իտալիոյ ազգային խումբի մարզիչ եւ այսօր պաշտօնապէս պիտի ներկայացուի Հռոմի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Կաթուզօ կը փոխարինէ Լուչիանօ Սփալեթթին, որ շաբաթ մը առաջ պարտութիւն մը կրելէ ետք Նորվեկիայէն (3-0), վատ մթնոլորտ մը յառաջացուցած էր եւ կասկածներ ստեղծած, թէ Իտալիան յաջորդական 3-րդ մոնտիալին կրնայ բացակայիլ:

Կաթուզօ 2006-ին կրցած էր մոնտիալը շահիլ իբրեւ մարզիկ: «Կաթուզոն իտալական ֆութպոլի տիպար օրինակ է, կապոյտ շապիկը անոր երկրորդ մորթն է: Իր կորովը, ուժի մղումը եւ արհեստավարժութիւնն ու փորձառութիւնը շատ կարեւոր պիտի ըլլան յառաջիկայ մրցումներուն ազգային խումբի լաւ վիճակով երեւնալուն մէջ», ըսաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Կապրիելէ Կրավինա:

Քլաուտիօ Ռանիերի թիւ 1 թեկնածուն էր փոխարինելու Սփալեթթին, սակայն ան մերժեց: Ռանիերիի մերժումը դժգոհ ձգեց նախկին մարզիչ Առիկօ Սաքին, որ յայտնեց, թէ ազգային խումբի մարզիչ ըլլալը ամէն ինչէ վեր պէտք է ըլլայ եւ անկարելի է զայն մերժելը:

Կաթուզոյի վերջին պաշտօնը Հայթուկ Սփլիթի հետ էր, որուն հետ տարեշրջան մը բոլորելէ ետք երկու կողմի համաձայնութեամբ ան լքած էր իր պաշտօնը:

47 տարեկան Կաթուզօ նախապէս մարզած էր Ա. Սէ. Միլանը, Նափոլին, Վալենսիան եւ Մարսէյը:

Իբրեւ մարզիկ Կաթուզօ երկու անգամ ախոյեան դարձած է եւ երկու անգամ «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր` Միլանի հետ, ուր 468 ելոյթ ունեցած է 11 կոլ նշանակելով: Իտալիոյ հետ 73 մրցումներ կատարած Կաթուզօ 1 կոլ նշանակած է, այդ ալ անմոռանալի 25 մեթրէն ռմբային հարուած` Անգլիոյ դէմ նոյեմբեր 2000-ի (1-0) մրցումին:

Իբրեւ մարզիչ ան 2010-ին շահած է Իտալիոյ բաժակը Նափոլիի հետ: Իտալիա 9 կէտով ետ կը մնայ Նորվեկիայէն` մոնտիալի զտումի իրենց խմբակին մէջ, հակառակ անոր որ Իտալիա 2 մրցում նուազ կատարած է:

Կաթուզոյի առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ 5 սեպտեմբերին, Էսթոնիոյ դէմ: Իտալիա Նորվեկիան պիտի հիւրընկալէ 16 նոյեմբերին, վերջին հանգրուանին: Միայն առաջին դիրքը գրաւող խումբերը ուղղակիօրէն կը հասնին 2026-ի մոնտիալին, զոր կը հիւրընկալեն Միացեալ Նահանգներ, Քանատա եւ Մեքսիքօ: Խմբակներուն երկրորդ դիրքը գրաւող խումբերը պիտի մասնակցին փլէյ-օֆի մրցումներու մարտ 2026-ին:

Այդ փլէյ-օֆի մրցումներուն է, որ Իտալիա դուրս մնացած էր Շուէտի (2018) եւ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ (2022) դէմ մրցումներուն, նախկին մոնտիալներուն:

 

 

Նախորդը

Պեռնար Լաքոմպ Ոչ Եւս Է

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Քեւըն Տիւրենթ Դէպի Ո՞ւր

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ուաքիմ, Ապտալլա Եւ Աքիքի` «Մաունթըն Պայք»-ի Լիբանանի Ախոյեաններ

September 17, 2026
Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է
Մարզական

Սերկէյ Պօղոսեան Ոչ Եւս Է

September 17, 2026
Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան
Մարզական

Հայաստանի Ազգային Խումբին Նոր Շապիկը Նուիրուած` Մշակութային Ժառանգութեան

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.