Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Նախաձեռնութիւնը Եւ Հետագայ Միաւորուածութեան Խնդիրը

June 12, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու կամ պաշտօնանկ ընելու գործընթացի մեկնարկային փուլն է: Ընդդիմադիր խմբակցութիւնները համաձայնած են, եւ դիմումը` ներկայացուած: Իրաւական գետնի վրայ անոր կայանալու հնարաւորութիւնը տակաւին թէական է: Սահմանադրութիւնը իրաւակարգ սահմանած է նման գործընթաց սկսելու եւ ընդհանրապէս գործող վարչապետը իր պաշտօնէն հեռացնելու առումով: Ըստ էութեան  վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու համար 115-րդ յօդուածը այս դրոյթները կը սահմանէ:

Յօդուած 115.

1.- Վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու մասին Ազգային ժողովի որոշման նախագիծ կարող է ներկայացնել պատգամաւորների ընդհանուր թուի առնուազն մէկ երրորդը միայն այն դէպքում, եթէ որոշման նախագծով միաժամանակ առաջարկւում է նոր վարչապետի թեկնածու:

Նախագիծի ներկայացման համար անհրաժեշտ քուէները չեն գոյացած: Միաւորուած են ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւնները, որոնց քուէներուն գումարը ընդհանուր թիւի մէկ երրորդը չի կազմեր. յայտնաբար կը  պակսի երկու քուէ: Թեկնածու ճշդուած էր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Դաւիթ Համբարձումեան:

2.- Վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու մասին Ազգային ժողովի որոշման նախագիծը քուէարկութեան է դրւում այն ներկայացուելուց ոչ շուտ, քան քառասունութ, եւ ոչ ուշ, քան եօթանասուներկու ժամ յետոյ: Որոշումն ընդունւում է պատգամաւորների ընդհանուր թուի ձայների մեծամասնութեամբ` անուանական քուէարկութեամբ: Որոշման ընդունման դէպքում համարւում է, որ վարչապետը հրաժարական է ներկայացրել: Այս դէպքում Սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածի 2-4-րդ մասերի դրոյթները կիրառելի չեն:

Մօտալուտ պիտի ըլլար  հարցի քննարկումը, եթէ գոյանային անհրաժեշտ քուէները: Ատկէ ետք ալ ձայներու մեծամասնութեան ապահովումը տարակուսելի պիտի ըլլար, նկատի ունենալով խորհրդարանի ներկայ պատկերը: Հետեւելի գործընթացին համաձայն գործող վարչապետը կը համարուէր հրաժարած: Իսկ 149-րդ յօդուածի 2-4 մասերով ամրագրուած դրոյթները չէին կիրարկուեր պարզապէս այն պատճառով, որ անոնք ոչ թէ պաշտօնանկումի գործընթացին հետ կապ ունին, այլ վարչապետի կողմէ ինքնակամ հրաժարականին:

3.- Վարչապետին անվստահութիւն կարելի է յայտնել նրա նշանակումից ոչ շուտ, քան մէկ տարի յետոյ: Եթէ վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու մասին Ազգային ժողովի որոշման նախագիծը չի ընդունւում, ապա նման նախագիծ կարող է ներկայացւել ոչ շուտ, քան վեց ամիս յետոյ:

Ահա այստեղ կարեւոր կէտ կայ հետագայ գործընթացին առումով: Եթէ չգոյանայ մեծամասնութիւն եւ գործող վարչապետը հրաժարած չնկատուի, ապա յառաջիկայ վեց ամիսներուն պաշտօնանկութեան իրաւական գործընթաց չի կրնար նախաձեռնել Ազգային ժողովը: Իսկ վեց ամիս ետք հանրապետութիւնը համապետական  ընտրութիւններու նախաշեմին կ՛ըլլայ եւ ընթացիկ ընտրութիւններու նախապատրաստական փուլ կը հանգրուանէ: Հիմա սակայն նոյնիսկ այդ փուլին չէ հասած գործընթացը, որովհետեւ օրակարգի վերածուելու անհրաժեշտ քուէները չկան:

4.- Արտակարգ կամ ռազմական դրութեան ժամանակ վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու մասին Ազգային ժողովի որոշման նախագիծ չի կարող ներկայացուել կամ քննարկուել:

Առ այժմ գոնէ արտակարգ կամ ռազմական դրութեան մէջ չի գտնուիր երկիրը: Թէեւ արտակարգ պայմաններ են թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին առումներով:

Խորհրդարանին մէջ պաշտօնանկութեան օրակարգ չկայ: Մեկնաբանելի, թէ յառաջիկայ վեց ամիսներուն նման գործընթաց կարելի՞ է վերստին ձեռնարկել, թէ՞ ոչ: Ըստ Սահմանադրութեան, նախագիծին մեծամասնութիւն չապահովելու պարագային վեց ամիս պաշտօնանկութեան օրակարգ չի վերադառնար Ազգային ժողով եւ նման նախագիծ չի ներկայացուիր: Խնդիրը այն է, որ նախագիծը ներկայացուելու չէ հասած:  Պաշտօնանկութեան գործընթացին շուրջ միաւորուած խորհրդարանական ընդդիմութիւնը պատճառ չունի միեւնոյն միաւորուածութեամբ չնախաձեռնելու զանգուածային շարժման:   Այլապէս, ընդդիմութեան վերաբաժանումով իշխանութիւններու հաստատման կրնայ նպաստած ըլլալ այս փուլին պաշտօնանկութեան գործընթաց մեկնարկելը:

«Ա.»

 

Նախորդը

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Պատրաստ Է Ստորագրելու Անվստահութեան Գործընթացը, Երբ Նաեւ Փողոցային Պայքար Սկսի

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (12 Յունիս 2025)

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.