«Արապիա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ Իսլամական դիմադրութեան ճակատը անցնող օրերուն յայտարարած է Ուոլիիլ Պաըս անունով նոր խմբաւորման մը կազմութիւնը:
Իրանի առնչակից խմբաւորումներու մօտիկ եղող քաղաքական վերլուծաբան Ապպաս Արտաուի «Էքս»-ի վրայ գրած է այս նոր խմբաւորման կազմութեան մասին:
«Արապիա»-ի քաղաքական ու անվտանգութեան հարցեր հետազօտող Պասսամ Քազուինի կը յայտնէ, որ հակառակ այս խմբաւորման իրանամէտներու կողմէ կազմութեան եւ անոր զինանշանին Թեհրանին մօտիկ եղող այլ խմբաւորումներու զինանշաններուն մօտիկ ըլլալուն, յստակ չէ, թէ Իրան այս միլիսի կազմութեան մէջ ուղղակի դերակատարութիւն ունեցած է:


