Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կեդրոնական Դրամատան Անկախութեան Ոտնահարումը Արտօնելի Չէ» Կ՛ըսէ Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչը

June 2, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Քարիմ Սուէյտ Մարոնիներու լիկայի` ներկայ փուլին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ կազմի դերին մասին երկխօսութեան հրաւէրին ընդառաջելով այցելեց լիկայի կեդրոն, ուր զեկուցում մը ներկայացնելով յայտնեց. «Լիբանանի Կեդրոնական դրամատունը աշխարհի վրայ այլ կեդրոնական դրամատուներուն նման օրէնքով քաղաքական իշխանութիւններէն ու սեփական մարզի շահերէն ամբողջական անկախութիւն ունի, ուստի արտօնուած չէ այդ անկախութիւնը ոտնահարել, այլ անհրաժեշտ է զայն պահպանել, մանաւանդ որ Լիբանանը կ՛ընթանայ վերաշինութեան եւ իր տնտեսութեան ու ելեւմտական համակարգի վերադասաւորման երկար ճամբով, ուր իշխանութիւններուն գործակցութիւնը առողջացման նպատակի ամբողջական յաջողութեան ազդակներէն է»:

«Ներկայ տագնապը իր բնոյթով համակարգային է», նշեց ան` աւելցնելով. «Լուծումը կը պահանջէ մէկ կողմէ Կեդրոնական դրամատան պիւտճէին վրայէն բեռը նուազեցնել, իսկ միւս կողմէ պահ դրուած գումարները փուլերով վերադարձնել: Եւ նպատակը պահ դրուած գումարները տրամաբանական ժամանակամիջոցի ընթացքին վերադարձնելն է»:

«Լուծումներու յաջողութիւնը կարիքը պիտի ունենայ բազմակողմ միջազգային աջակցութեան` Միջազգային դրամական ֆոնտէն, Միջազգային դրամատունէն եւ եւրոպական ու արաբական հաստատութիւններէն` նկատի ունենալով համակարգային տագնապի խորութիւնն ու ծաւալը, պայմանով, որ այդ աջակցութիւնը ըլլայ ծիրին մէջ ազգային լուծումներու, որոնց պատասխանատուութեամբ ու ողջամտութեամբ վաւերացման պէտք է ձեռնարկեն լիբանանեան իշխանութիւնները», յայտնեց Սուէյտ:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Քապալան. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Տնտեսական Առաջնահերթութիւն Չունի, Եւ Անոր Խումբը Ձախող Է, Երկիրը Վերստին Կը Խրէ Կառուցուածքային Տագնապներու Ճգնաժամին Մէջ»

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.