Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 90-Ամեակի Տօնակատարութիւն. Ֆութպոլի Անմոռանալի Օր

May 27, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի յետմիջօրէին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 90-ամեակի տօնակատարութեան առիթով ֆութպոլի անմոռանալի օր մը կազմակերպուած էր մասնաճիւղին վարչութեան կողմէ, ուր 7 տարեկանէն մինչեւ 70 տարեկանի մօտ մարզիկներ, անցեալի հերոսներ` այժմու վեթերաններ, մարզիչներ, կեանք տուին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ֆութպոլի ակադեմիայի դաշտին:

Մեծ անձնաւորութիւններ, գլխաւորութեամբ լեռնալիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի քարտուղար Սայիտ Ապտել Խալիքի,  պատուեցին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի պատմական կոլ-սքորըր Գօգօ Մարտիրոսեանը, մարզիչ Վաչէ Սարգիսեանը,  ինչպէս նաեւ իրաւարար Վարդան Մաթոսեանը:

Յետմիջօրէի ժամը 4:00-էն սկսան ֆութպոլի մրցումները, որոնց ծիրին մէջ, 10 տարեկանէն վար մրցումներուն, ՀՄԸՄ Անթիլիաս 6-0 արդիւնքով յաղթեց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Բ. կազմին, մինչ ՀՄԸՄ Ժտէյտէ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պուրճ Համուտի Ա. կազմը:

Աւարտականին Ժտէյտէ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անթիլիասը, մինչ Պուրճ Համուտի առաջին կազմը 4-1 արդիւնքով յաղթեց Բ. կազմին:

Այս մրցումներուն յաջորդեց 14 տարեկանէն վար մրցումը, ուր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անթիլիասը:

Ապա տեղի ունեցաւ վեթերաններու մրցումը, ուր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Անթիլիասի հետ: Անթիլիաս փենալթիներու  5-4 արդիւնքով յաղթեց:

Մրցումներէն ետք մետալներ տրամադրուեցան բոլոր մասնակիցներուն եւ երեկոյեան ժամը 7:30-ին վերջ գտաւ այս անմոռանալի օրը, որ պէտք է կրկնուի ամէնէն մօտ առիթին: Համակիրները պէտք ունին այս ձեւի ձեռնարկներու, ինչու չէ աւելի մեծ դաշտին մէջ:

Հին սերունդը նորին հետ դաշտ ըլլալով ՀՄԸՄ-ի սէրը կը ծնի եւ կը մեծնայ պատանիներոն մօտ:

Վեթերաններու մրցումին դաշտ ներկայացան նաեւ վեթերան մարզիկներու զաւակները` գեղեցիկ մթնոլորտ մը ստեղծելով: Ներկաներու դէմքերուն վրայ կը տեսնէին ուրախութիւն, հին օրերու կարօտ… տարեց հայրեր դաշտ եկած էին տեսնելու իրենց զաւակները, թոռները եւ իրենց նախասիրած մարզիկները:

 

Նախորդը

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ – Պէյրութ Ֆ. Ք. 1-0

Յաջորդը

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Թաատոտ Ռիատի Մրցումը Յետաձգուեցաւ

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի  Պասքեթպոլի Տարիքային Խումբերու  Վերակազմաւորման  Նուիրուած Ձեռնարկ
Մարզական

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Պասքեթպոլի Տարիքային Խումբերու Վերակազմաւորման Նուիրուած Ձեռնարկ

October 1, 2026
Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց  Եւ Հասաւ Կիսաւարտական
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Եւ Հասաւ Կիսաւարտական

October 1, 2026
Ազգերու Լիկա.  Հայաստան Ցաւալի Պարտութիւն Կրեց Մոնթենեկրոյէն
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Սեպտեմբերի Դասաւորումին Մէջ. Հայաստան Մնաց 107-րդ Դիրքին Վրայ

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.