Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց. «Մոսկուան կը պաշտպանէ Ուքրանիոյ մէջ (Ռուսիոյ) ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ անոր հետեւորդներուն իրաւունքները»:
«Ռուսիան մտահոգ է Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող հաւաքական սպանութիւններու եւ ցեղային մաքրագործման արարքներուն նկատմամբ», նշեց Լաւրով:
Լաւրով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ ռուսական Ս. Զատիկի տօնին առիթով ընդունելութեան ընթացքին յայտնեց. «Ուքրանական իշխանութիւնները 2014 թուականէն ի վեր կանոնաւոր կերպով կը գործեն վերջ տալու այն ամէն ինչին, որ այս կամ այն ձեւով Ռուսիոյ հետ կապ ունի»:
«Քիեւ չի դադրիր Ուղղափառ եկեղեցին թիրախաւորելէ: Երկրին մէջ կրօնական մեծագոյն համայնքի` Ուքրանական ուղղափառ եկեղեցւոյ դէմ հալածանքը տարիներ շարունակուեցաւ, եւ ասիկա ողբերգական ու յստակ օրինակ է մարդկութեան դէմ եղող ուքրանական վարչակարգի բնոյթին: Քիեւի իշխանութիւնները կը գտնուին եկեղեցին իրաւականօրէն լուծարելու եզրին, մինչ կը շարունակուին եկեղեցիներու գրաւման գործողութիւնները, աւերման արարքներն ու կրօնաւորներու եւ հաւատացեալներու վրայ յարձակումները», նշեց ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
«Ուքրանիոյ մէջ ուղղափառները դժուարութիւններուն դիմաց առանձին պիտի չձգենք եւ աշխատանք պիտի տանինք անոնց օրինական իրաւունքներուն յարգումը երաշխաւորելու, որպէսզի ուղղափառ եկեղեցին վերստանձնէ ուքրանական հողերուն վրայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին մէջ իր կեդրոնական դիրքը», ըսաւ ան:
Լաւրով իր խօսքին մէջ գովեց ուղղափառ եկեղեցւոյ` ուղղափառներու միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ քրիստոնեաները ահաբեկչական սպառնալիքներէ եւ կրօնական ծայրայեղականութենէ պաշտպանելու դերակատարութիւնը:
«Մասնաւորաբար մտահոգիչ է Միջին Արեւելքի մէջ կացութիւնը, մանաւանդ Սուրիոյ մէջ, ուր զինեալ ծայրայեղական խմբաւորումներ իսկական ցեղային մաքրագործումներ եւ ազգային ու կրօնական ենթահողի հիմամբ մարդոց հաւաքական սպանդ կը կատարեն», ըսաւ ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
«Ապշեցուցիչը Արեւմուտքին աշխարհի տարբեր կողմերու մէջ աչք փակելն է ոճիրներու նկատմամբ, եթէ անոնք չեն խանգարեր նահանջող տիրապետութեան կառչելու եւ ուրիշներու հաշուոյն ապրիլ շարունակելու իր համաշխարհային օրակարգի ամրապնդման ջանքերը», ըսաւ Լաւրով:


