Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժարամանա Քաղաքին Շուրջ Համաձայնութիւն

May 3, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դամասկոսի գիւղական շրջանի անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Հուսամ Թահհան յայտնեց. «Ժարամանա քաղաքին շուրջ սուրիական կառավարութեան պատուիրակներուն ու քաղաքի երեւելիներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ»:

«Համաձայնութիւնը կը ներառէ ծանր զէնքերու անմիջապէս յանձնում եւ Ժարամանայի մէջ տեղակայուած ապահովական ուժերու յաւելում», նշեց ան` աւելցնելով. «Ըստ համաձայնութեան, առանց արտօնագիրի եղող անձնական զէնքերը կը յանձնուին, եւ զէնքը կը դառնայ պետութեան մենաշնորհը»:

Սուէյտայի նահանգապետը «Ժազիրա»-ին յայտնեց. «Համաձայնութիւն գոյացաւ կազմելու յանձնախումբ մը, որ կը հսկէ որեւէ ոտնձգութեան եւ զէնքը պետութեան մենաշնորհը ըլլալուն, եւ սուրիական պետութեան իշխանութենէն դուրս որեւէ զէնքի գոյութիւնը պիտի չարտօնենք»:

«Սուէյտայի երեւելիներուն եւ շէյխերուն հետ ամբողջական համակարգումով կ՛աշխատինք նահանգին մէջ ապահովական կացութեան կարգաւորման վրայ, եւ ապահովական կացութիւնը վերահսկողութեան տակ առնելու հարցին նկատմամբ շարք մը կողմերէ ընդառաջում տեսանք», նշեց նահանգապետը:

Ուաշինկթըն. «Սուրիոյ Մէջ Տիւրզիներու Դէմ Բռնարարքներն Ու Սադրիչ Հռետորաբանութիւնը Դատապարտելի Եւ Անընդունելի Են»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ տիւրզի համայնքին դէմ բռնարարքներն ու սադրիչ հռետորաբանութիւնը դատապարտելի եւ անընդունելի են:

Նախարարութիւնը Սուրիոյ ժամանակաւոր իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց դադրեցնելու սպանութիւնները եւ հաշուետուութեան ենթարկելու բռնարարքներու պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ երաշխաւորելու բոլոր սուրիացիներու անվտանգութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ սուրիացիները կարող են իրենց տագնապները խաղաղօրէն բանակցութիւններու ճամբով լուծել:

Նախարարութիւնը նաեւ կոչ ուղղեց` կազմելու ապագայ կառավարութիւն մը, որ կը ներկայացնէ բոլոր սուրիացիները եւ սուրիական բոլոր համայնքները, ներառեալ փոքրամասնութիւնները:

Սուրիոյ Նախագահական Պալատէն 400 Մեթր Հեռաւորութեան Վրայ Գտնուող Շրջանի Մը Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Իսրայէլեան բանակը երէկ կանուխ առաւօտուն յայտարարեց. «Քիչ առաջ պատերազմական օդանաւեր թիրախաւորեցին Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի պալատին մօտ գտնուող շրջանը»:

Կը հաղորդուի, որ յարձակումի ենթարկուած շրջանը կը գտնուի նախագահական պալատէն 400 մեթր հեռաւորութեան վրայ:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու եւ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց միացեալ հաղորագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ Դամասկոսի մէջ նախագահական պալատին մօտ գտնուող դիրք մը թիրախաւորած յարձակումը սուրիական վարչակազմին ուղղուած յստակ պատգամ է:

«Դամասկոսի հարաւը ուժերու տեղակայում կամ տիւրզի համայնքին ուղղուած որեւէ սպառնալիք պիտի չընդունինք», շեշտեցին Նեթանիահու եւ Քաց:

Քաց մէկ օր առաջ յայտարարած էր. «Կը կրկնեմ Սուրիոյ վարչակարգի նախագահ Ահմետ Շարհին ուղղուած զգուշացումս, թէ եթէ Սուրիոյ մէջ տիւրզիներու դէմ յարձակումը չդադրի, ուժեղ կերպով պիտի հակադարձենք»:

Քաց նշեց, որ ինք սուրիական վարչակարգին յստակ պատգամ յղած է, թէ Սուրիոյ մէջ տիւրզիներուն վրայ յարձակումները արգիլելու պատասխանատուութիւնը կը կրէ` աւելցնելով. «Սուրիոյ տիւրզիներուն վրայ յարձակումէն ետք, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ ցուցմունք տուինք ծայրայեղական կողմերուն դէմ զգուշացման հարուածներ շղթայազերծելու»:

Իսրայէլը մեր տունն է կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Աւիկտոր Լիպըրման իր կարգին յայտնեց. «Իսրայէլ չի կրնար Սուրիոյ մէջ տիւրզիներու դէմ ահաւոր կոտորածին նկատմամբ լուռ մնալ»:

 

 

Նախորդը

Հռոմի Մէջ Այսօր Նախատեսուած Իրան-Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւնները Յետաձգուած Են

Յաջորդը

Կիպրոսի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Երկրի Նախագահին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.