2 մայիսին Կիպրոսի Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իննա Թորգոմեան իր հաւատարմագիրները յանձնած է Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտեսին:
Ողջունելով եւ շնորհաւորելով նոր նշանակուած դեսպանը իր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով` նախագահը յաջողութիւն եւ արդիւնաւէտ առաքելութիւն մաղթած է` ընդգծելով Հայաստանի եւ Կիպրոսի մէջ նստավայր ունեցող դեսպաններու նշանակման կարեւորութիւնը` ի նպաստ երկու երկիրներուն միջեւ սերտ յարաբերութիւններու առաւել զարգացման: Նախագահ Խրիսթոտուլիտես գոհունակութեամբ արձանագրած է Հայաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը եւ կարեւոր նկատած ոլորտային փոխադարձ գործակցութեան ներուժի լիարժէք իրականացումը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան շրջանակներուն մէջ սերտ համագործակցութիւնը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` դեսպան Թորգոմեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի ուղերձն ու բարեմաղթանքները փոխանցած է Կիպրոսի նախագահին եւ ժողովուրդին: Դեսպանը վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը առաւելագոյն ջանքերը ներդնելու երկու երկիրներուն միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման ու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան առաւել խորացման ուղղութեամբ:
Դեսպանը ներկայացած է նաեւ Հայաստանի մօտեցումները շրջանային զարգացումներուն վերաբերեալ եւ ընդգծած Հայաստանի յանձնառութիւնը` նպաստելու շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման: