29 տարեկան նորվեկիացի աթլեթ Քարսթըն Վարհոլմ շաբաթ օր Չինաստանի Զիամեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աթլեթիզմի «Տայմընտ լիկ» մրցաշարքի նոր մրցանիշ մը արձանագրեց, տղոց 300 մեթր արգելարշաւի մրցումներուն արձանագրելով 33,05 երկվայրկեան:
Վարհոլմ, որ 400 մեթր արգելարշաւի ոսկի մետալը շահած էր 2020 Թոքիոյի Ողիմպիականին եւ արծաթ մետալ` անցեալ տարի Փարիզի մէջ, բարելաւեց 2021-ին իր արձանագրած մրցանիշը (33-26):
Աղջկանց 1000 մեթր վազքի մրցանիշ մը պիտի արձանագրուէր, սակայն քենիացի Ֆէյթ Քիփիեկոն միայն 0,23 երկվայրկեանով ետ մնաց մրցանիշէն` արձանագրելով 2 վայրկեան 29,21 երկվայրկեան:
Ձողով բարձրութիւն ցատկելու աշխարհի ախոյեան Արման «Մոնտօ» Տիւփլանթիս (Շուէտ) 5,92 մեթր ցատկեց, բայց իր արդիւնքը իր մրցանիշէն շատ հեռու էր` 6,27 մեթր, զոր արձանագրած էր անցեալ փետրուարին:


