Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճերմակ Ջարդը

April 28, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
                                                                                                                                        Լուսանկարը` Տիանա Մարկոսեանի

ՓԱՈՒԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ

Երբ պատմութեան կը դիմենք եւ կը հետեւինք դարերու ընթացքին գոյութիւն ունեցող մարդկութեան եւ ցեղերուն, կ’անդրադառնանք, թէ հին դարերուն ապրած կարգ մը ցեղեր անհետացած են` հակառակ իրենց զինուորական ուժին եւ ճարտարապետութեան, զորս ձգած են աշխարհի մէջ:

Կը յիշենք հիթիթները, մայաները, օլմէքները, խումէրները, անասազիները, ազթէքները, եգիպտացիները (փարաւոնական) ինքաները եւ այլն:

Մենք` հայերս, աւելի քան 2000 տարիներ գոյութիւն ունեցած ենք եւ, հակառակ մեր հողերը ներխուժած  զանազան օտար ազգերու` հռոմէացիներու, պարսիկներու, մոնկոլներու, Ճենկիզ խանի, Լենկ Թիմուրի, Աթիլայի վայրի բանակներուն, գոյատեւած ենք բոլոր դժուարութիւններու եւ ջարդերու դէմ յանդիման:

Հայաստան ռազմավարական դիրք ունէր այն բանակներուն համար, որոնք կը մեկնէին դէպի Եւրոպա` ըլլայ անոնց երթին, կամ պարտութիւն կրած` վերադարձին, Հայաստան պարտադիր անցք մըն էր:

Իրենց երթուդարձով անոնք ոտնակոխ ըրած էին հայկական քաղաքներն ու գիւղերը, որուն համար Աթիլա ըսած էր. «Ուրկէ որ իմ ձիս կ՛անցնի, հոն ետ խոտ չի բուսնիր:

Տարիներ շարունակ հայ ժողովուրդը տառապեցաւ, ամէն տեսակ վտանգներու եւ սովի ենթարկուեցաւ, բայց հաւատարիմ մնաց իր հաւատքին, իր եկեղեցիին, իր լեզուին եւ ամէն փորձանքի դիմացաւ:

1915-ի Ցեղասպանութիւնը կարծես չարչարանքի գագաթնակէտն էր այս ժողովուրդին, որ դարձեալ կրցաւ ինքզինքը հաւաքելով` ոտքի կանգնիլ:

1918-էն ետք, երբ Ա. Համաշխարհային պատերազմը վերջացաւ, հայերը, որոնք Օսմանեան կայսրութեան չարչարանքէն փրկուեցան, տարածուեցան դէպի` Սուրիա, Լիբանան, Իրաք, Պարսկաստան եւ Եգիպտոս: Մաս մը գաղթեց դէպի` Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Աւստրալիա եւ Հարաւային Ամերիկայի զանազան երկիրներ, ուր հայկական գաղութներ, դպրոցներ եւ եկեղեցիներ հիմնեցին:

Միեւնոյն ատեն Հայաստանի հայերը կ’ենթարկուէին խորհրդային խիստ բռնապետական վարչակարգին, որ Սիպերիոյ դուռերը բացած էր իր հրամանին չհնազանդողներուն. ընտանիքներ, եղբայրներ, քոյրեր, մայրեր, հայրեր բաժնուեցան իրենց հարազատներէն… շա՜տ շատեր չվերադարձան եւ անհետացան սառուցեալ հսկայ տարածքին մէջ…

Օրեր եւ տարիներ անցան, սակայն պայքարը նոյնն էր… աշխարհի չորս կողմը ցիրուցան եղած հայերը կրցան իրենց եկեղեցիներուն շուրջ ունենալ իրենց դպրոցները, ակումբները, ծերանոցները եւ դարմանատուները… եւ քով-քովի գալով` կրցան ժիր աշխատանքով դիրքերու տիրանալ եւ իրենց երկիրներուն մէջ պատասխանատու դէմքեր դառնալ… Հայը երբեք դրամ չէ մուրացած ճամբաները, ան իր ճակտի քրտինքով եւ իր պատուով կրցած է իր ընտանիքին տէր կանգնիլ:

Դժբախտաբար օրերը այդ ձեւով չներկայացան… վերջակէտ մը չկար այս հայ ընտանիքներուն: Պարսկաստան, Եգիպտոս, Սուրիա, Լիբանան, իրենց կարգին, յեղափոխական շարժումներու ենթարկուեցան:

Պարսկաստանը շահը տապալեց, Եգիպտոսը` Ֆարուք թագաւորին դէմ պետական հարուած կազմակերպելով` Ապտել Նասըր զօրավարը իշխեց… Սուրիոյ մէջ զօր. Ասատը աթոռի վրայ նստաւ զանազան պետական հարուածներէ ետք, միեւնոյն ատեն Իրաք, իր կարգին, թագաւորը տապալեց, եւ այս ընդհանուր փոփոխութիւններուն կարգը եկաւ Լիբանանին, որ 17 տարի քաղաքացիական պատերազմի վնասը կրեց եւ Իսրայէլի հետ սահմանի զանազան հարուածներ ստացաւ:

Միջին Արեւելքի մէջ տիրող այս ընդհանուր կացութիւնն ու ցնցումները պատճառ եղան, որ գաղութներ քայքայուին. մանաւանդ հայերը, որոնք սկսան գաղթել դէպի հեռու հորիզոններ` Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Եւրոպա եւ Աւստրալիա:

Եւ հակառակ անոր որ յստակ վիճակագրութիւններ գոյութիւն չունին, բայց եւ այնպէս, շուրջ 70-80 տոկոս գաղթեր եղած են այս երկիրներէն: Այսօր հարցը այդ չէ, թէ 200.000 էինք սակայն 50.000 մնացած ենք… հարցը մնացողը չէ, այլ` գաղթողը… որովհետեւ հսկայ տարածքով այդ երկիրներուն մէջ անոնք ձուլուած են. ճիշդ է, որ կարգ մը մեծ քաղաքներու մէջ հայերը դարձեալ իրենց եկեղեցիները եւ դպրոցները կրցած են հաստատել, բայց շատեր երկրորդական այլ քաղաքներու մէջ լքուած մնալով, իրենց զաւակները տեղական դպրոցները յաճախած են եւ այդ մթնոլորտին մէջ ձուլուած են:

Ես երբ առիթը ունեցայ այցելելու իմ հարազատներուս` Ամերիկա, Անգլիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Քանատա եւ այլն, հոն անդրադարձայ, որ իրենց զաւակները 2 բառ հայերէն չեն գիտեր, ոչ ալ հայութեան պատմութեան եւ հայերուն պայքարին մասին գաղափար ունին եւ հետզհետէ կը հեռանան հայկական հարցերէն, ու կ՛իշխէ անտարբերութիւն մը, որուն հետեւանքը շատ վտանգաւոր է` անկախ իրենց կամքէն:

Անցեալին մօտ 1955-1960  թուականներուն  Թուրքիոյ երկրորդ նախագահը` Իսմեթ Ինէօնիւ, որ Քեմալ Աթաթուրքին  յաջորդեց եւ 3 անգամ նախարար եղած էր (1923-1924) (1925-1937) եւ (1961-1965) հարցազրոյցի մը ատեն յայտարարած էր, որ հայերուն լիմոնի պէս պիտի ճզմէր` արտասանելով նաեւ նշանաւոր նախադասութիւն մը, որուն բացատրութիւնը օրին յստակ չէր… Ան ըսաւ. «1915-ին հայերը ջարդ մը կրեցին այդ կարմիր ջարդ էր… յառաջիկայ տարիներուն անոնք ճերմակ ջարդ պիտի կրեն»:

Ի՞նչ ուզեց ըսել. ինքը խելացի եւ հեռատես անձ մը ըլլալով… ի՞նչ կը նշանակէր ճերմակ ջարդը:

Շատ լաւ գիտենք, որ ան հայերը կ՛ատէր եւ թրքական բանակին մեծ սպայ մը ըլլալով` իր ատելութիւնը ցոյց տուաւ 1942-ին, երբ ծանր տուգանքներով  հալածեց հայերն ու յոյները` «մէկ անգամուան տուգանք» պատրուակով. վարլիք վերկիսին կը գանձէր Թուրքիոյ մէջ ապրող փոքրամասնութիւններէն, թուրքերը պիտի վճարեն 5 տոկոս, յոյները` 156 տոկոս, հայերը` 232 տոկոս, 15 օր պայմանաժամ տուած էր եւ` յայտարարած, որ չվճարողը կը բանտարկուէր, եւ զայն կը ղրկէին արեւելեան նահանգներ` աշխատելու քարահանքերու քարայրներուն մէջ, որ իրենց վերջնական գերեզմանը կ’ըլլար:

Իսմեթ Ինէօնիւն եւ հայերու հանդէպ ունեցած ատելութիւնը վերյիշելով` կ’արժէ յիշել նաեւ, որ թրքական կառավարութիւնը  ստեղծած է կայք մը, ուր բոլոր թուրքերը կրնային յայտնաբերել իրենց անցեալի սկիզբն ու ծագումը, եւ ուրկէ ի յայտ եկած էր, որ թուրքերուն ծագումը ալպանացի, քիւրտ, յոյն, արաբ եւ հայ ազգերը եղած են… 1850 թուականէն հոն նոյնիսկ կը յիշուին կարգ մը դէպքեր, որոնք կ’արժեն հոս յիշել իբրեւ օրինակ:

Կ’ըսուի, թէ Մալաթիոյ մէջ քիւրտերը հայերու գիւղերը յարձակումներ կը կատարէին գողութեան նպատակով, ատոր իբրեւ հետեւանք` հայ ֆետայիներ որոշած էին պաշտպանողական միութիւն (milice) մը կազմակերպել, սակայն զէնքի կարօտ ըլլալով` դիմած էին հայ հարուստ անձի մը, որ խոստում տուած էր օգնել, սակայն 2 օր ետք չէր յարգած իր խոստումը: Միութեան զօրավարը քովը երթալով` զայն սպաննած էր:

Այդ դէպքին պատճառով մեռնող հարուստ հայուն կինը իր նորածին զաւակը առնելով` փախուստ կու տայ դէպի Զմիւռնիա, ուր մահմետական կրօնին հետեւելով` իր զաւակին սորվեցուցած էր ատել հայերը. կ’ըսուի, թէ այդ նորածին զաւակը Մուսթաֆա Իսմեթ Ինէօնիւն  էր:

Այս կայքին մասին գրուած է «The Armenian Minor Spectator»-ին մէջ «Հայ թուրքերը եւ այլ արմատներու պատմութիւնները» խորագիրով, Րաֆֆի Պետրոսեանի գրիչով (աղբիւրը թուրք ժողովուրդին 1850-էն սկսեալ):

Իսմեթ Ինէօնիւի ծագումին պատմութիւնը միեւնոյն ատեն փաստուած է նշանաւոր պատմիչ Բարսեղ Թուկլասեանի կողմէ, որ ընտանեկան բարեկամութիւն ունեցած է անոր հետ:

Այս դէպքը յիշելը պարզապէս փաստելու համար էր իր ատելութիւնը` հայերու հանդէպ…

Բայց մեզ կը հետաքրքրէ Իսմեթ Ինէօնիւին ըսածը, որ այս ձեւով կրնանք թարգմանել…

Անձնապէս իմ եզրակացութիւնս այն է, թէ ան իր հեռատեսութեամբ գիտցած է, որ հայերը կամաց կամաց Միջին Արեւելքէն պիտի հեռանան եւ ձուլուին այլ երկիրներու մէջ, ուր օտար ամուսնութիւններով, օտար ազգերու հետ խառնուելով` պիտի կորսնցնեն հայկական ոգին, հաւատքը, եկեղեցին, լեզուն եւ մանաւանդ` 24 ապրիլն ու անոր իմաստը… ուր մեծ անտարբերութիւն մը պիտի ծագի իրենց հայկական պատկանելիութեան եւ պիտի գոհանան իրենց անունով, որ եան-ով պիտի վերջանայ…

Արդեօք հո՞ն պիտի հասնինք 100 տարի ետք…

2025

 

Նախորդը

Փոխան Բաց Նամակի. Խեղաթիւրող… Համայնագիտարան

Յաջորդը

«Նեմեսիս» Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Իւրայատուկ Ներկայացում

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.