Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տասը Կուսանաց Յիշատակի Ժամերգութիւն Կատարուեցաւ Անթիլիասի Մէջ

April 18, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւագ երեքշաբթի, 15 ապրիլ 2025-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ տասը կոյսերու յիշատակի ժամերգութիւն, որ կ՛ընդգրկէ Քրիստոսի երկրորդ գալստեան խորհուրդը: Արարողութեան մասնակցեցան մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի խումբ մը աշակերտներ: Անոնք եկեղեցական շապիկ հագած ու լապտերներ բռնած` ներկայացուցին աւետարանական տասը կոյսերը: Աւետարանի ընթերցումի պահուն աշակերտները վիճակ քաշեցին. «իմաստուն»-ները իրենց մոմերը վառած պահեցին` խորհրդանշելով Տէրը դիմաւորելու արթուն ու պատրաստ կեցած իմաստուն կոյսերը, իսկ «յիմար»-ները մարեցին` ներկայացնելով անտարբեր ու անպատրաստ կոյսերը:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին կիրակնօրեայ վարժարանի տասը աշակերտները բարձրացան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին մօտ` առաջնորդութեամբ ու գլխաւորութեամբ մայր տաճարի լուսարարապետ Օշին վրդ. Չուալերթանեանի: Կաթողիկոսը իր ուրախութիւնը յայտնեց` տեսնելով, թէ ինչպէ՛ս յատկապէս մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանը Հայ եկեղեցւոյ սրբազան աւանդութիւնները նախանձախնդրութեամբ կը պահէ եւ զանոնք կը փոխանցէ մանուկներուն: Այս առիթով ան իր հայրական օրհնութիւնը բաշխեց` աշակերտներուն, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին ու ծնողներուն եւ յուշանուէրներ տուաւ փոքրիկներուն:

Նախորդը

Մեր Առաջնահերթութիւնները. Սփիւռքը Պէտք Է Ընկալել Իբրեւ Ռազմավարական Լծակ

Յաջորդը

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.