Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան-Ամերիկեան «Դրական Ու Կառուցողական» Բանակցութիւնները Պիտի Շարունակուին 19 Ապրիլին

April 14, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւններու երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 19 ապրիլին, Օմանի մէջ: Իրանեան «Էս.Էն.Էն.» պետական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:

«Բանակցութիւններու երկրորդ փուլը պէտք է տեղի ունենայ յաջորդ շաբաթ` շաբաթ օր», ըսած է Արաղչի:

Ան նշած է, որ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը նոյնպէս տեղի պիտի ունենայ Օմանի մէջ` դիւանագիտական նոյն մակարդակով:

«Թասնիմ» կը հաղորդէ, որ իրանեան պատուիրակութեան անդամներէն մէկը յայտնած է, որ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ անուղղակի բանակցութիւններու մթնոլորտը դրական է:

Երկուքուկէս ժամ տեւած անուղղակի բանակցութիւններէն ետք, ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ եւ Ապպաս Արաղչի քանի մը վայրկեան զրուցած են Օմանի արտաքին գործոց նախարարի ներկայութեամբ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը կարծէ, որ Իրանի հետ բանակցութիւնները լաւ կ՛ընթանայ: Ան այս մասին ըսած է լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին:

«Կը կարծեմ, որ անոնց մօտ ամէն ինչ լաւ է», ըսած է ան` մեկնաբանելով Օմանի մէջ իր յատուկ ներկայացուցիչ Ուիթքոֆի եւ Արաղչիի բանակցութիւններու առաջին փուլի արդիւնքները:

«Ոչինչ կարեւոր է, քանի դեռ չէք հասած ձեր ուզածին, այդ իսկ պատճառով ես չեմ սիրեր այդ մասին խօսիլ», աւելցուցած է Թրամփ:

Նախքան այդ, Սպիտակ տունը յայտնեց, որ հիւլէական խնդիրին շուրջ ամերիկեան եւ իրանեան կողմերու բանակցութիւնները անցած են կառուցողական, իսկ յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 19 ապրիլին:

«Քննարկումները շատ դրական եւ կառուցողական էին», կը նշուի Սպիտակ տան մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:

Իրանեան լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Արաղչի, իր կարգին ըսած է. «Բանակցութիւնները անցած են ամբողջովին յարգալից, հանգիստ եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ»:

ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը երէկ աւելի ուշ հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղային յայտնած է, որ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ անուղղակի բանակցութիւններու երկրորդ փուլը կրնայ Օմանի մէջ տեղի չունենալ, սակայն Մասքաթը պիտի շարունակէ միջնորդի դեր խաղալ:

«Ներկայիս կը քննարկենք` բանակցութիւնները Օմանի՞ մէջ տեղի ունենան, թէ՞ մէկ այլ տեղ, սակայն Օմանը ամէն պարագայի պիտի շարունակէ միջնորդի դեր խաղալ: Կարեւոր է նշել, որ ձեւաչափը պիտի մնայ անուղղակի, եւ ատոնք պիտի շարունակուին Օմանի միջնորդութեամբ», ըսած է ան:

Նախորդը

«Քանատան Եւ Միացեալ Նահանգները Մայիսին Առեւտրական Բանակցութիւններու Պիտի Սկսին» Կ՛ըսէ Քանատայի Վարչապետը

Յաջորդը

Բագրատունի. «Զէնքի Լեզուով Խօսիլ Մերժելը Եւ Դրական Չէզոքութիւնը Լիբանանի Համար Լաւագոյն Ընտրանքն Էր»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.