Ինտոնեզիոյ նախագահ Փրապոուօ Սուպիանթօ յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Կազայի մէջ պատերազմէն վնասուած պաղեստինցիներ ժամանակաւորապէս հիւրընկալելու:
Անոր կարծիքով, առաջին փուլին կարելի է հազար պաղեստինցիներ հիւրընկալել:
Սուպիանթօ Միջին Արեւելքի շրջան եւ Թուրքիա իր շրջապտոյտի ընթացքին յայտնեց, որ իր երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան ցուցմունք տուած է պաղեստինեան եւ այլ կողմերու հետ վնասուած պաղեստինցիները Ինտոնեզիա տեղափոխելու կերպին շուրջ շտապ քննարկումներ կատարելու:
«Մենք պատրաստ ենք վիրաւորները, ցնցումէ տառապողներն ու որբերը հեռացնելու», ըսաւ Ինտոնեզիոյ նախագահը` աւելցնելով. «Անոնք ժամանակաւորապէս պիտի մնան Ինտոնեզիոյ մէջ, մինչեւ որ իրենց վէրքերէն ամբողջովին առողջանան, եւ Կազայի կացութիւնը անոնց վերադարձին համար ապահով ըլլայ»:


