Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Նահար» օրաթերթին յայտնեց, որ մօտ օրէն պիտի այցելէ Դամասկոս եւ նախարարական ու ապահովական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ հանդիպում պիտի ունենայ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ` անոր հետ քննարկելու համար առկախ մնացած եւ սեղանի վրայ դրուած թղթածրարները, ինչպէս նաեւ շարունակելու Ժետտայի մէջ երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ հանդիպումը:
Ան աւելցուց, որ Սէուտական Արաբիան Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ:
Սալամ անդրադարձաւ Ֆիթրի տօնի արձակուրդին ընթացքին Շարհի հետ իր հեռաձայնային հաղորդակցութեան` նշելով. «Լաւ էր, կարելի է անոր վրայ հիմնուիլ, այդ զրոյցը Դամասկոսի հետ նոր էջ կը բանայ»:
Միւս կողմէ, պետական աղբիւրներ «Արապի Ժատիտ»-ին յայտնեցին, որ Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Դամասկոս` Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններուն ընթացքը սրբագրելու համար:
Աղբիւրները նշեցին, որ Սալամի Սուրիա այցելութիւնը պիտի վերաբերի երկու երկիրներու հին համաձայնութիւններուն` զանոնք վերատեսութեան ենթարկելու եւ նոր համաձայնութիւններ քննարկելու համար:


