Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ հետ վերամիաւորումը կարելի է, եթէ Վրաստանի ժողովուրդը համբերատար ըլլայ: Այս մասին «Իմետի» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ:
«(Վրաստանի) տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը, կը կարծեմ, իրական է, եթէ մենք ցուցաբերենք համբերութիւն, եւ այս համբերութիւնը ղեկավարէ մեր քաղաքականութիւնը: Այս հարցի լուծումը, ի հարկէ, կախեալ պիտի ըլլայ տարբեր գործօններէ, սակայն համբերութեամբ եւ ճիշդ քաղաքականութեան պարագային ամէն ինչ կարելի է», ըսած է Քոպախիծէ:


